ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Եւրոմիութիւնը եւս յայտարարութիւն մը հրապարակած է Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ՝ զսպուածութեան կոչ ընելով թէ՛ ապահովական ուժերուն եւ թէ ցուցարարներուն։
Եւրոմիութիւնը նաեւ շեշտած է, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է իրագործեն քաղաքական, տնտեսական եւ արդարադատութեան համակարգէն ներս բարեկարգումներ կատարելու կապակցութեամբ իրենց ստանձնած պարտաւորութիւնները, միաժամանակ յարգելով քաղաքացիներուն՝ արտայայտուելու եւ խաղաղ հաւաքներ կատարելու իրաւունքները։