Գրեթէ տարի մը առաջ, Ապրիլ 24, 2017ին, կորսնցուցինք քեզ, սիրելի՛ եղբայր, եւ տակաւին նոյն ցաւն ու վիշտը կը տիրէ մեր սիրտերուն մէջ: Օրէ օր կ՛աւելնայ նաեւ քոյրերուս եւ իմ մէջ մեր սէրն ու կարօտը՝ աննման մեր եղբօր հանդէպ: Մեծագոյն կարօտով քեզ կը փնտռենք միշտ, կը սիրենք քեզ անյագ սիրով, քանզի քու ներկայութեամբ, աննման եղբօր կերպարով, դուն դարձար ծնողք՝ բառին ամբողջական իմաստով, կատարելով թէ՛ հօր եւ թէ եղբօր պարտականութիւնները:
Դուն երջանկութեան գագաթնակէտն էիր մեր կեանքին: Անհուն սիրով կը պարուրէիր մեր սիրտերը՝ երջանիկ զգացողութեամբ, որպէսզի չզգայինք մեր մօր վաղահաս կորուստը, որ մեծ ցաւ էր մեզի համար: Բայց աւելի դժուար եղաւ, երբ մեր հայրը երկրորդ ամուսնութեամբ լքեց իր ընտանիքը, հեռացաւ զաւակներէն եւ զլացաւ իր ծնողական պարտականութիւնը կատարել հանդէպ զաւակներուն: Այլապէս, իր ներկայութիւնը՝ իբրեւ ծնողք, հաւատքի եւ վստահութեան ներշնչում պիտի պարգեւէր իր զաւակներուն եւ խորացնէր սէրը հայրական:
Հօրս մահը կրկին մշտամորմոք ցաւ պատճառեց մեր սրտերուն, քանի որ ատիկա դաւադրական մահ էր՝ կազմակերպուած իր կնոջ եւ մեր եղբօր նախկին գործաւորին կողմէ, իւրացնելու համար հօրս խնայած տարիներու գումարը: Մեր ծնողներու իրերայաջորդ կորուստները, որոնք մեզի համար յուզումնալից եւ տխուր տարիներ էին, ապրեցանք լռութեամբ:
Յետադարձ ակնարկով մը եւ մեծ երախտագիտութեամբ կը ներկայացնենք մեր աննման եղբօր կեանքը, թէ ինչպիսի՛ խորհուրդներով էր առաջնորդուած, թէ այս պահուն կը լուսաւորուի մեր էութեան մէջ զոհողութեան եւ աշխատասիրութեան այն գիտակցութիւնը, եւ թէ ինքզինք կը դրսեւորէր ծանր աշխատանքով եւ կ՛ապահովէր մեր ընտանիքին բարեկեցութիւնը:
Ան իւրայատուկ սէր եւ յարգանք կը տածէր ոչ միայն իր անմիջական ընտանիքին հանդէպ, այլեւ կը ցուցաբերէր անխտիր հոգածութիւն՝ հարազատներուն, բարեկամներուն եւ ընկերներուն հանդէպ, որոնք բոլորը զինք պարծանքով կը նկարագրէին: Այս պահուն, երբ կը վերապրինք անցեալի այս գողտրիկ յուշերը, իր ներկայութիւնը կը ներշնչէ բոլորս: Անկեղծ ու ուղղամիտ նկարագիրը անքակտելիօրէն շաղկապուած էին մեր աննման եղբօր՝ Յակոբի՝ մարդասէր, բարեացակամ եւ ճշմարիտ հայրենասէրի օրինակելի կեանքին ու գործունէութեան հետ:
Հայրենի Գիւմրի քաղաքին մէջ ապրած մեր տարիներուն ընթացքին, մեր եղբայրը նոյնպէս համատարած ճանաչում ունեցաւ: Ան իր արհեստին մէջ, իբրեւ ինքնաշարժներու հմուտ մասնագէտ, օժտուած էր բացառիկ տաղանդով: Կարճ ժամանակի ընթացքին արժանացաւ մեծ համբաւի: Բոլորը զինք կ՛անուանէին անփոխարինելի «ոսկեայ ձեռքերով» վարպետ: Ան շահած էր անվերապահ վստահութիւնն ու համակրանքը իր յաճախորդներուն, շնորհիւ իր պարտաճանաչութեան, բծախնդրութեան եւ ճշդապահութեան:
Խոհուն ու ինքնամփոփ թանկագին մեր եղբայրը եզակի անհատականութիւն էր, որուն հոգիի ծալքերուն մէջ անթեղուած կար խորունկ մարդասիրութիւն: Իր ճշմարիտ հայրենասիրութիւնը խօսքէ աւելի՝ գործով, նուիրումով եւ նուիրաբերումով ան կ՛արտայայտէր, ի նպաստ Հայ Դատին, ուսումնակրթական հաստատութեան, եկեղեցւոյ շինութեան, ինչպէս նաեւ «Արմէնիա» առագաստանաւի ժամանումին Լոս Անճելըս՝ 2009ին, գրող Զօրի Բալայեանի գլխաւորութեամբ:
Մեր եղբայրը իր կեանքի վերջին ամիսները անցուց հիւանդանոցի մէջ, իսկ մենք, իբրեւ կենդանի վկայախօսներ ականատեսը եղանք այնպիսի պարագաներու, որոնք միայն յուսախաբութիւն եւ ներքին խոր ցաւ կը պատճառէին մեզի՝ քոյրերուս: Կը զգայինք մեր եղբօր հոգիի խռովքը, որ կը տառապի ծարաւէ եւ անօթութենէ: Այդ ցաւը լուռ կ՛ապրէինք նաեւ մենք: Մեր ներքին յուզումը զսպելով եւ ապրումներուն տիրապետելով՝ մենք մեր հայեացքը կ՛ուղղէինք իր աչքերուն, ուր աղիողորմ արցունքները կ՛արտայայտէին իր հոգեկան տառապանքի անչափելիութիւնը, իսկ իր թախծալի աղաղակները բողոք էին անգութ բժիշկներուն անտարբեր հոգածութեան դէմ: Անոնք իրենց վստահուած պարտականութիւնները չկատարեցին ըստ խիղճի ձայնին եւ իրենց խոստումներուն հարազատ չմնացին, այլ՝ օրերով զրկելով հիւանդը սնունդէ եւ ջուրէ՝ հիւծեցին ֆիզիքապէս տկարացած մարմինը, իսկ արհեստական խողովակով սնուցումը շնչահեղձութեան մատնեց հիւանդը: Գրեթէ եօթը օր, ստամոքսէն ներս ներարկուած սնունդը փոխանակ աղիքները իջնելու՝ հակառակ ուղղութեամբ բարձրացաւ դէպի թոքերը: Այդ ընթացքին, երբ հարցուցի բուժ-անձնակազմի վերակացուին, թէ ո՞ւր է գործողութիւն ընող բժիշկը, որ խոստացած էր գալ, ան հետեւալ պատասխանը տուաւ. «Your brother՛s place is in the morgue»… Նման արտայայտութիւն մը կը վկայէ միայն անտարբերութիւն: Անոնք ձգեցին, որ հիւանդը տառապելով՝ հոգին աւանդէ Ապրիլ 24ին:
Տէ՛ր իմ Աստուած, հրաշագործէ՛, որպէսզի բանանք մեր հոգւոյն աչքերը եւ ըմբռնենք Քու ներկայութիւնը. եւս մէկ նահատակ՝ ոչ թէ թուրքին կողմէ, այլ՝ բժիշկներուն: Աննման մեր եղբօր կեանքին աւարտը ցնցող էր եւ կը վկայէ դառն ճշմարտութեան մասին:
Լոկ բառերով չենք կրնար արտայայտել մեր զայրոյթն ու վրդովմունքը, մեր իւրովի սրտաճմլիկ ապրումները: Միայն կրնանք հաստատօրէն ըսել, թէ մեր փորձառութենէն մեկնած՝ պատասխանատու բժիշկները վարժ են փակելու իրենց գործած սխալը, դժխե՛մ հաշիւները, եւ թաքցնելու հիւանդին իրաւունքը, որպէսզի խաւարով պատեն իրենց գործած անիրաւութիւնները:
Այսօր, խոր գիտակցութեամբ եւ երախտագէտ սրտով կը խոնարհինք յիշատակիդ առջեւ, սիրելի՛ եղբայր:
Քեզ միշտ յիշող քոյրերդ՝
ԱԶՆԻՒ, ԱՆԱՀԻՏ-ԱՆՆԱ
ԵՒ ԶԱՊԷԼ ՓԻՆԷՃԵԱՆՆԵՐ