
ՆԻՒՓՈՐԹ ՊԻՉ, Քալիֆորնիա.- 1992էն ի վեր Հայաստանի մէջ մարդասիրական նախաձեռնութիւններ իրականացնող Աչքի խնամքի հայկական ծրագիրի (The Armenian EyeCare Project) գործունէութեան 25ամեակի տօնակատարութեանց ծիրէն ներս, անցեալ տարի տեղի ունեցած էր դէպի Հայաստան իւրայատուկ շրջապտոյտ մը, որուն ընթացքին, կազմակերպութեան համակիրներ, նուիրատուներ եւ բժիշկներ միասնաբար վայելեցին հայրենիքի տեսարժան վայրերը, ոմանք՝ առաջին անգամ ըլլալով։
Խանդավառուած այդ անդրանիկ շրջապտոյտի յաջողութենէն՝ ո-րոշուած է այս տարի եւս կազմակերպել նման շրջապտոյտ մը, որ պիտի կայանայ Սեպտեմբեր 19էն Հոկտեմբեր 3ի միջեւ։
Մասնակիցները, որոնք շրջապտոյտին ընթացքին մօտէն պիտի ծանօթանան Աչքի խնամքի հայկական ծրագիրի գործունէութեան, նաեւ շաբաթավերջով մը առիթը պիտի ունենան Արցախի Հանրապետութիւն այցելելու եւ պիտի մասնակցին Հայաստանի անկախութեան տօնակատարութեանց։ Նաեւ, անոնք պիտի մասնակցին ծրագիրի Գիւմրիի շրջանային դարմանատան բացման պաշտօնական արարողութեան։
Մասնակցութեան սակը 3000 տոլար է, իսկ զոյգի մը համար՝ 4600 տոլար, առանց օդանաւի տոմսին։ Կը խնդրուի տեղեր ապահովել մինչեւ Օգոստոս 15՝ այցելելով eyecareproject.com/armeniatrip կայքէջը, կամ դիմելով (949) 933-4069 թիւին։
1992էն ի վեր, Աչքի խնամքի հայկական ծրագիրին շնորհիւ իրականացած վիրաբուժութիւններով կարելի եղած է կուրութենէ փրկել Հայաստանի աւելի քան 20,000 քաղաքացի. նաեւ, մօտաւորապէս կէս միլիոն քննութիւններ եւ դարմանումներ կատարուած են Հայաստանի հեռաւոր գիւղերու եւ քաղաքներու մէջ, Հայաստանէն ակնաբոյժներու կարելիութիւն տրուած է մասնագիտանալու Միացեալ Նահանգներու լաւագոյն համալսարաններուն մէջ եւ ձրիաբար բաժնուած են աւելի քան 70,000 ակնոցներ։
Աչքի խնամքի հայկական ծրագիրին նպատակն է յառաջիկայ տարիներուն հինգի հասցնել Հայաստանի մէջ իր դարմանատուներուն թիւը։ Ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց եւ նուիրատուութեանց համար, այցելել www.eyecareproject.com կայքը: