ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ազգային ժողովի «Ծառուկեան» խմբակցութեան պատգամաւորներէն վարչապետի պաշտօնին Սերժ Սարգսեանի թեկնածութեան կողմ քուէարկեց 11 պատգամաւոր:
Նիստէն բացակայեցան «Ծառուկեան» խմբակցութեան երեք պատգամաւորներ, որոնց շարքին խմբակցոււթեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեան: Քուէարկութեան չմասնակցեցան երեք այլ պատգամաւորներ:
Խմբակցութեան միւս պատգամաւորները դէմ քուէարկեցին Սարգսեանի թեկնածութեան: