ԹՈՐՈՆԹՕ, «Հորիզոն».- Ուրբաթ, Ապրիլ 13ին, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին մէջ կայացած ընդունելութեան մը ընթացքին, Գանատայի Օնթարիօ նահանգի կառավարութիւնը յայտարարեց, որ յանձնառութիւն կը ստանձնէ 3 միլիոն գանատական տոլար նուիրելու Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի ընդարձակման ծրագիրին:
Յայտարարութիւնը կատարեց Օնթարիօ նահանգի երեխաներու եւ երիտասարդական հարցերու նախարար Մայքըլ Քոթօ:
Յանուն Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին, շնորհակալական ուղերձով ելոյթ ունեցաւ Վաչէ Գըլըպոզեան:
Նշենք, որ Հայ կեդրոնին կողմէ Օնթարիոյի կառավարութեան ուշադրութեան յանձնուած էր այն իրողութիւնը, որ վերջին տասնամեակին, Թորոնթոյի հայ համայնքի ուռճացման պատճառով անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն կը զգացուէր Հայ կեդրոնի համալիրի ենթակառոյցը ընդարձակելու: