ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Յաջորդական 20րդ տարին ըլլալով, «Ապրիլ»
գրատունը պիտի մասնակցի «Լոս Անճելըս Թայմզ»ի գիրքերու տարեկան փառատօնին՝ իր կրպակին (թիւ 68) մէջ ներկայացնելով հայկական բազմաթիւ հատորներ:
Գիրքերու փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 21-22ի շաբաթավերջը, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ: Մուտքը ազատ է, իսկ ինքնաշարժներու կանգառի սակը՝ 12 տոլար:
Այս տարի իր հիմնադրութեան 40ամեակը նշող «Ապրիլ» գրատան կրպակին մէջ իրենց հատորները պիտի ներկայացնեն շարք մը հեղինակներ, ներառեալ՝ Ռուբինա Փիրումեան, Վիքթորիա Փարեան, Ալիս եւ Կրեկըրի Քեթապճեաններ, Լիլիթ Պոյամեան, Արա Մածունեան, Ճօէն Ռանտա Նուչօ, Տէյվիտ Կիլտ եւ Մարտիկ Մատենճեան։
«Լոս Անճելըս Թայմզ»ի գիրքերու փառատօնը ամէն տարի ի մի կը բերէ մօտաւորապէս 150,000 գիրքի սիրահարներ, որոնք կը ծանօթանան մօտաւորապէս 300 կրպակներու մէջ մատուցուող եւ տարբեր հետաքրքրութիւններու յագեցում տուող գիրքերու:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել noor@abrilbooks.com հասցէին կամ (818) 243-4112 թիւին: