ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «ՀապերԹիւրք» պատկերասփիւռի կայանի մէկ յայտագիրին ընդմէջէն, ունկնդիրներուն բացատրուեցաւ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է գանձ փնտռել։
Յայտագիրի հիւրն էր գանձախուզութեան գործիքներ արտադրող ընկերութեան մը սեփականատէր Ուղուր Քուլաչը, որ ներկայացուց ոսկի փնտռելու համար նախատեսուած սարքեր։
Յայտագիրի այս հատուածը քննադատութիւններու արժանացաւ ընկերային ցանցերու վրայ։ Արդարեւ, Հնագէտներու միութեան նախագահը յայտարարութիւն մը հրապարակեց՝ նշելով, որ նման սարքերու սանձարձակ կիրարկութիւնը ապօրինի «պեղումներ»ու պատճառ կը դառնայ՝ խրախուսելով գանձախուզութիւնը։ Մտահոգութիւն յայտնուեցաւ նաեւ այն գծով, որ գանձախուզութեան պատճառով պատմական ու մշակութային յուշարձաններ այսուհետեւ կրնան աւելիո՛վ քանդուիլ ու թալանուիլ։