ԲԺՇԿՀ. ՄԱՐԻ ՄԵԼՔՈՆ
ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Հովանաւորութեամբ Ճեզիրէի Հայոց Առաջնորդական փոխանորդ Ռուբէն աբղյ. Նալպանտեանի, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄի Սկաուտ խորհուրդին, Կիրակի, 25 Մարտի երեկոյեան, Գամիշլիի «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սկաուտի Օրուան տօնակատարութիւնը, ներկայութեամբ ՀՄԸՄի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Զաւէն Գասպարեանի, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի, ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ հոծ բազմութեան:
Հանդիսութեան բացումը կատարեց ՀՄԸՄի փողերախումբը՝ ազգային երգերով, որուն ընկերակցեցաւ սկաուտական տողանցքը:
Ապա հանդիսավարները ներկաները հրաւիրեցին մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը առյաւէտ հեռացած ՀՄԸՄականներուն: Արարողութիւնը շարունակուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սկաուտ խորհուրդի ատենապետ բժշկհ. Մարի Մելքոնեան, որ պատմական անդրադարձով լուսարձակի տակ առաւ ՀՄԸՄի հիմնադրութեան եւ զարգացման փուլերը՝ ողջունելով ՀՄԸՄի 100-ամեայ վաստակը, «Միշտ պատրաստ» կարգախօսով շարունակելու նախնիներուն աւանդը:
Այնուհետեւ վրայ հասաւ ձեռնարկին գեղարուեստական ու մարզական բաժինը:
Ապա տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի եռամեայ գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզի մը ցուցադրութիւնը, որմէ ետք բուրգերով եւ մարզական ներկայացումներով հանդէս եկան խումբ մը սկաուտներ։
Ազգային եւ ՀՄԸՄի նուիրուած փունջ մը երգերով հանդէս եկաւ Քրիստափոր Միքայէլեան: Երգերուն առընթեր ներկայացուեցան լոզունքներ եւ ասմունքներ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւն: Օրուան կնքահայրն էր Յովիկ Պալեան, որ արարողութենէն ետք կատարեց վկայականաց բաշխում եւ աստիճանատուչութիւն:
Հուսկ, հայր սուրբը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով եւ ՀՄԸՄի քայլերգով: