ԳԱՀԻՐԷ.- ՀԲԸ Միութեան պատուոյ ատենապետ Պերճ Թէրզեանի հեղինակութեամբ լոյս տեսած վերջին գրքոյկին՝ «Գահիրէի Համալսարանի Հայագիտական Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոնը»ի շնորհանդէսն էր Չորեքշաբթի, 11 Ապրիլին, Գահիրէի «Սրբուհի Թերեզա» նորակառոյց սրահին մէջ:
Շնորհանդէսը նախաձեռնութիւնն էր Գահիրէի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, որ նախաձեռնողն ու եւ հովանաւորն է սոյն կեդրոնին:
Շնորհանդէսին բացումը կատարեց Հայաստանի լիազօր եւ արտակարգ դեսպան դոկտ. Արմէն Մելքոնեան, որմէ ետք իր սրտի խօսքը ըսաւ թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեան, իսկ նոր գիրքին եւ անոր հեղինակին մասին խօսեցաւ կեդրոնի հայոց լեզուի դասախօս Մարուշ Երամեան:
Հեղինակը իր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց հանգամանալի խօսքով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ գինեձօնի արարողութիւնը:
Ներկաները ջերմօրէն շնորհաւորեցին Պերճ Թէրզեանը իր ազգանուէր աշխատանքին եւ նոր հրատարակութեան համար: