Աշխատանքային այցելութեամբ Ֆրանսա գտնուող Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը՝ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի գլխաւորութեամբ, 3 Ապրիլին այցելեց Ֆրանսայի Պուրկ-տը-Փէաժ քաղաքը եւ հանդիպեցաւ քաղաքապետ Նաթալի Նիեզոնի հետ:
Ըստ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու բաժինի փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ հանդիպման ընթացքին կողմերը միտքեր փոխանակած են տեղական ինքնակառավարման մարմիններու գործունէութեան, այդ ոլորտին մէջ փորձառութեան փոխանակման հնարաւորութիւններուն վերաբերեալ, որմէ ետք պատուիրակութիւնը քաղաքապետ Նիեզոնի ուղեկցութեամբ շրջեցաւ Պուրկ-տը-Փէաժի մէջ:
Այնուհետեւ քաղաքապետարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Պուրկ-տը-Փէաժ եւ Արցախի Մարտունի քաղաքներուն միջեւ Բարեկամութեան հռչակագիրի ստորագրման պաշտօնական արարողութիւնը:
Նշենք, որ հռչակագիրը ստորագրեցին Մարտունիի եւ Պուրկ-տը-Փէաժի քաղաքապետներ Մհեր Խաչատրեան եւ Նաթալի Նիեզոն:
Արարողութեան ներկայ էին Ֆրանսայի Ծերակոյտի անդամ Տիտիէ Կիոն, Լիոնի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսի տեղակալ Գայիանէ Մանուկեան, «Ֆրանսա-Արցախ» բարեկամութեան շրջանակի ղեկավար Ֆրանսուա Ռոշպլուան եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Օրուան աւարտին, պատուիրակութիւնը Պուրկ-տը-Փէաժի մէջ մասնակցեցաւ «Արցախի Ձայներ» խումբի համերգին:
Աշոտ Ղուլեանի ղեկավարած պատուիրակութեան կազմին մէջ էին խորհրդարանի «Հայրենիք» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Թովմասեան, Մարտունիի քաղաքապետ Մհեր Խաչատրեան եւ Ֆրանսայի մօտ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան: