ՄՈՍԿՈՒԱ.- Մոսկուայի մէջ, 30 Մարտին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100ամեակի ձեռնարկները համակարգող մոսկովեան յանձնաժողովի նիստը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին յանձնաժողովի համանախագահներ, Ռուսիոյ Դաշնային խորհուրդի միջազգային գործերու կոմիտէի փոխնախագահ Ռաֆայիլ Զինուրով եւ «Տիալոկ» կազմակերպութեան նախագահ Եուրի Նաւոյեան, Մոսկուայի մօտ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Ալբերտ Անդրեան, «Նոյեւ Քովչեկ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Գրիգորի Անիսոնեան, Russia-Armenia.info տեղեկատուական-վերլուծական կայքի գլխաւոր խմբագիր Արամ Խաչատրեան, «Սոպեսետնիկ Արմէնիի» թերթի գլխաւոր խմբագիրի տեղակալ Ալեքսանտր Երկանեան, Մոսկուայի հայկական երիտասարդական ընկերակցութեան նախագահ Յակոբ Աբրահամեան, «Տիալոկ» կազմակերպութեան փոխնախագահ Գոռ Կարախանեան, Սարդարապատի ճակատամարտի հերոսներէն մէկուն՝ Դանիէլ Բեկ Փիրումեանի թոռնիկը, «Տարիների Եւ Օրերի Գրութիւններով. Դանիէլ Բեկ-Փիրումեանի Կեանքը» գիրքի հեղինակ Եուրի Փիրումեան:
Նիստը վարեց յանձնաժողովի համանախագահ-համակարգող Եուրի Նաւոյեան: Ան ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100ամեակին նուիրուած մոսկովեան ձեռնարկներու հայեցակարգը, որ կը յենի հայկական պետականութեան վերականգնման եւ շարունակականութեան ապահովման գործին մէջ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան նշանակութեան վրայ, նոյն ատեն ընդգծելով 1918ի Մայիսեան հերոսամարտերու համաժողովրդական բնոյթը: Նախատեսուած քաղաքագիտական եւ մշակութային ձեռնարկները նպատակ ունին Ռուսիոյ հայկական համայնքի ներուժը եւ Հայաստանի բարեկամները համախմբել հայկական պետականութեան գաղափարին շուրջ, ինչպէս նաեւ ռուսական լայն հասարակութեան ներկայացնել հայոց պատմութեան հերոսական էջերը:
Նիստին մասնակիցները քննարկեցին եւ համապատասխան դարձուցին Մոսկուայի եւ Մոսկուայի մարզի քաղաքներու մէջ գիտաժողովներու, ցուցահանդէսներու եւ հանդիպումներու, գիրքերու հրատարակման ու շնորհահանդէսներու եւ այլ միջոցառումներու իրականացման ժամկէտներն ու ձեւաչափերը:
Քննարկման առանձին նիւթ հանդիսացան նաեւ այդ միջոցառումներու լուսաբանման եւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան շրջանի պատմութեան կեղծարարութեան եւ պատմական փաստերու նենգափոխման փորձերուն հակազդելու հարցերը:
Նշենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100ամեակի ձեռնարկները համակարգող մոսկովեան յանձնաժողովը ընտրուած է Մոսկուայի հայկական քաղաքագիտական առաջին ֆորումին կողմէ, որ տեղի ունեցած էր 7 Սեպտեմբեր 2017ին, «Փրեզիտընթ» պանդոկին մէջ: