ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Վոլքան Պոզքըր անդրադարձած է Եգիպտոսի խորհրդարանին մէջ Թուրքիոյ դէմ հնչած քննադատութիւններուն, որոնք կ՛առնչուին Անգարայի նորագոյն զինուորական արկածախնդրութիւններուն։
Պոզքըր յայտարարած է, որ Եգիպտոսի խորհրդարանի՝ Արաբական աշխարհի հարցերով զբաղող յանձնախումբը սովորութիւն դարձուցած է «անհիմն պնդումներ ընելով՝ Թուրքիոյ հասցէին մեղադրանքներ ներկայացնելը»: Պոզքըր «ահաւոր չափերու հասած» Թուրքիոյ վերաբերեալ մեղադրանքները «անհիմ եւ միակողմանի» որակած է:
«Մենք լրջութեամբ չենք մօտենար նման հիւանդագին նախաձեռնութեանց: Այդ անհեթեթ յայտարարութիւնը ստորագրած անձերուն կոչ կ՛ընենք, որ մեր երկրին դէմ սեւ քարոզչութիւն չկատարեն», եզրափակած է ան:
Յիշեցնենք, որ Եգիպտոսի խորհրդարանի նշեալ յանձնախումբը քննադատած էր Սուրիոյ եւ Իրաքի քիւրտերուն դէմ Թուրքիոյ զինուորական գործողութիւնները՝ զանոնք համեմատելով Հայոց Ցեղասպանութեան հետ: