ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Կառավարութիւնը իր Հինգշաբթի, Մարտ 22ի նիստին ընթացքին հաստատեց «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Իսրայէլի միջեւ եկամուտներու եւ գոյքի կրկնակի հարկումը բացառելու եւ հարկումէ խուսափիլը կանխելու մասին» համաձայնագիրը վաւերացնելու որոշումը:
Որոշման նախագիծը ներկայացուց ելեւմուտքի նախարար Վարդան Արամեան:
«Այս պահի դրութեամբ արդէն 46 երկրի հետ ունենք ստորագրուած, վաւերացուած, ուժի մէջ մտած նախագիծ, վերջերս ստորագրեցինք նաեւ Դանիայի հետ: Ընթացիկ տարում մօտ երեք երկրների հետ ունենք գրեթէ աւարտուած ընթացակարգեր, իսկ մինչեւ տարուայ վերջ երեւի թէ եւս չորս երկրների հետ կ՛աւարտենք բանակցութիւնները եւ կը պատրաստենք ստորագրութեան», ըսաւ նախարարը: