Լոնտոնի «Արսենալ» ֆութպոլի խումբի կիսապաշտպան Հենրիկ Մխիթարեան 22 Մարտին ստացաւ Հայաստանի 2017ի լաւագոյն ֆութպոլիստի մրցանակը: Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Աւանի Ֆութպոլի ակադեմիոյ մէջ, ուր Հայաստանի ազգային հաւաքականը հաւաք ունի այս օրերուն:
Դեկտեմբերին Մխիթարեան 8րդ անգամն ըլլալով, անընդմէջ ճանչցուած է Հայաստանի լաւագոյն ֆութպոլիստ: Երկրորդ տեղը գրաւած էր մակեդոնական «Վարդար» խումբի յարձակող Տիգրան Բարսեղեան, իսկ ռուսական «Ուրալ» խումբիի պաշտպան Վարազդատ Հարոյեան եզրափակած էր եռեակը: Բարսեղեան եւ Հարոյեան նոյնպէս ստացան իրենց մրցանակները:
Յիշեցնենք, որ այս օրերուն Հենրիկ Մխիթարեան Հայաստանի հաւաքականի կազմին մէջ կը պատրաստուի Էսթոնիոյ (Մարտ 24) եւ Լիթուանիոյ (Մարտ 27) դէմ Երեւանի մէջ կայանալիք ընկերական հանդիպումներուն: