ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարկ տալու ջատագով «Հայաստան Այցելէ» (www.visitarmenia.org) կայքը, առաջնորդութեամբ Արա Պոյաճեանի, վերջին տասնամեակին հինգերորդ անգամն ըլլալով իրականացուց Լոս Անճելըս շրջանի 9-12րդ դասարանի աշակերտներուն յատուկ շարադրական մրցումը՝ «Ինչո՞ւ կը փափաքիմ Հայաստան այցելել» նիւթով:
Այս նպատակով մասնակցութեան հրաւէրներ յղուած էին շրջանի 20 հայկական եւ հանրային վարժարաններու աշակերտներու։
Այս տարուան մրցանքին մասնակցեցան 12 վարժարաններէ 54 աշակերտներ՝ ներկայացնելով հայերէն կամ անգլերէն շարադրութիւններ, իսկ դատակազմի անդամներն էին՝ Կարօ Էսկիճեան, Այլին Քէօսէյեան, Պիանքա Մանուկեան, Լենա Մելքոնեան եւ Զարեհ Սինանեան։
Շարադրական մրցումի արդիւնքները հրապարակուեցան Չորեքշաբթի, Մարտ 14ի երեկոյեան, Ռումանահայերու «Ռաֆֆի» մշակութային միութեան սրահին մէջ կայացած ձեռնարկի մը ընթացքին, որուն ներկայ էր աւելի քան 80 հոգի։
Քայլերգները կատարեց Ալէք Փիլիպոս Ազգ. վարժարանէն 11րդ դասարանի աշակերտուհի Սաւանա Մինասեան, իսկ ներկաները պահ մը լռութեամբ յարգեցին Ֆլորիտայի մէջ ամիս մը առաջ (Փետրուար 14) զինեալի մը կողմէ սպաննուած աշակերտներուն յիշատակը։
Շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ վարժարաններու տնօրէններուն, ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր հովանաւորողներուն ու կամաւոր աջակցութիւն ցուցաբերողներուն։ Այս տարուան մրցանակակիրներուն նիւթական վարձատրութիւններ տրամադրուած էին Մարգարեան իրաւաբանական հիմնարկին կողմէ։ Նաեւ, այս տարի, առաջին անգամ ըլլալով, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանը ամառնային ծրագիրի մը մասնակցելու կրթանպաստներ տրամադրած էր առաջին երեք տեղերը գրաւողներուն։

Յայտարարուեցան առաջին երեք դիրքերը գրաւողներուն անունները. այսպէս՝ յաջորդաբար՝ Վաչակ Ոսկանեան (հայերէն, ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարան), Մարինոր Պալուզեան (հայերէն, Ֆերահեան Ազգ. վարժարան) եւ Մայքըլ Փեսնիլեան (անգլերէն, Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջան)։
Պատուոյ յիշատակութեան արժանացան՝ Էնթընի Անտոնեան, Թալիա Պոյաճեան («Փիլիպոս»), Ովսաննա Աւետիսեան, Սեւուլիկ Պասթիլեան եւ Անի Չորպաճեան («Ֆերահեան»), Ալեքսանտրա Եարալեան («Մանուկեան-Տեմիրճեան»), Էլիզա Պալեան («Պըրոզ») եւ Էլիզապէթ Սեքսենեան («Քլարք»)։
Մարինոր Պալուզեան
