ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Այս օրերուն, երբ կամայ թէ ակամայ ինկած ենք Թրամփին առնչուող դատական հետապնդումներու, դաւադրութեանց, կեղծիքներու, տնտեսական պատժամիջոցներու եւ զանազան գայթակղութեանց լուրերու ու «լուր»երու ամէնօրեայ յորձանուտին մէջ, շարք մը կարեւոր լուրեր անտեսումի կը դատապարտուին։
Դժբախտաբար կամ բարեբախտաբար, դարձեալ Թրամփն էր, որ այս շաբաթ անուղղակիօրէն լուսարձակ բացաւ 2015էն ի վեր դժոխային պայմաններու ենթարկուած Եմէնի աղէտին վրայ, երբ Սպիտակ տան մէջ, շրջուն վաճառողի մը նման, ամերիկեան «հոյակապ» ռազմական օդանաւերու, հրասայերու եւ մարտանաւերու ցանկը կը ծանուցէր Սէուտական Արաբիոյ բռնատէր գահաժառանգ եւ պաշտպանութեան նախարար Մուհամմատ պըն Սալմանին, որպէսզի ան աւելի հեզասահօրէն եւ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցի մը վայել՝ արդիական միջոցներով շարունակէ Եմէնի մէջ հուսիներու սպանդները։
Եմէնի պատերազմը Միջին Արեւելքի մէջ քանի մը ճակատներու վրայ բռնկած դարձեալ սիւննի-շիի դարաւոր հակամարտութեան մէկ ճակատն է, ուր աշխարհի ամենաաղքատ երկիրներէն մէկուն մէջ ապրող շիի հուսիները իրենց դէմ կը գտնեն աշխարհի ամենահարուստ երկիրներէն մէկը եւ անոր քանի մը դաշնակիցները, գլխաւորութեամբ՝ Միացեալ Նահանգներուն, որուն զինուորները գործնական եւ արհեստագիտական աջակցութիւն կը տրամադրեն սէուտցիներու ռազմական գործողութիւններուն։
Ցարդ, տասնեակ հազարաւոր զոհեր (ներառեալ՝ աւելի քան 6000 քաղաքայիններ) խլած, 3 միլիոնէ աւելի գաղթականներ պատճառած, միլիոնաւորներ սովի սեմին հասցուցած եւ աւելի քան մէկ միլիոն վարակուողներով աշխարհի տարածքին քոլերա համաճարակի ամենավատ կացութիւնը ստեղծած այս պատերազմին ընդդիմանալու ամերիկեան մէկ փորձը այս շաբաթ ձախողութեան մատնուեցաւ Ծերակոյտին մէջ։
Արդարեւ, հակառակ 44 ծերակուտականներու հաւանութեան, 55 ուրիշներ մերժեցին քննել Եմէնի պատերազմին համար Ռիատի տրամադրուող ամերիկեան աջակցութիւնները կասեցնել առաջարկող բանաձեւը, որուն վաւերացումը բնականաբար պիտի չնպաստէր վերոյիշեալ հանդիպման ընթացքին Թրամփի արտայայտած՝ սէուտական հսկայ հարստութեան մէկ մասը Միացեալ Նահանգներուն յանձնելու անկեղծ փափաքին։
Գէորգ Մանոյեան, երբ լրագրութիւն կ’ընես, ածականներ չեւ գործածեր: Մամուլի օրէնք ա այս:
Երկրորդ ի՞նչ շահ ունիս Սէուտական վեհապետը բռնակալ կոչեւլու: Միթէ չե՞ս գիտեր թէ Սէուտական Արաբիա իրեն դաշնակից ունի Արաբական Էմիրութիւնները, որոնք Հայաստանի հետ շատ լաւ յարաբերութեան մջ են:
Ժամանակին հայերու մուտքը արգիլուած էր Արաբիա, ինչո՞ւ գիտէք: Հայերը որպէս համայնավար ճանչցուափ էին եւ ատոր պատճառը համայնավարներ չէին: Դաշնակցականներ էին որոնք Սէուտացիին կ’ըսէին, «ինչո՞ւ գլուխ կը ծռէք թագաւորին, ան ալ ձեզի պէս մարդ է»: Այս խօսքերը գաղտնի գործակալներուն տեղեկացուած են:
Մեզի ի՞նչ Եմենցին ինչ վիճակի մէջ է: Հայութեան դատին ծառայելու աշխատինք: Ուրիշներու ներքին գործերէն հեռու մնանք: