Արցախի մէջ արտադրուող «Քաթարօ» գինին առաջին անգամն ըլլալով ներկայացուեցաւ Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ բացուած «Ֆուտէքս Ճեփեն 2018» (Foodex Japan 2018) 43րդ միջազգային ցուցահանդէսին, որ կը համարուի ամբողջ Ասիոյ տարածաշրջանի մեծագոյններէն մէկը:
Ըստ «Արցախփրէս»ի՝ արցախեան արտադրանքի ներկայացումը կարելի դարձած է Հայաստանի Զարգացման ազգային կեդրոնի (ԶԱԿ) ու Արցախի տնտեսութեան եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարարութեան համագործակցութեան շնորհիւ:
Հայաստանէն ցուցահանդէսին ներկայացան չիրերու, գինիներու, մեղրի եւ հիւթերու արտադրութեամբ զբաղող ութ ընկերութիւններ:
Հայաստանի ԶԱԿի գործադիր տնօրէն Լեւոն Մնացականեան ցուցահանդէսին առիթով ըսաւ, որ ասիկա Ճափոնի շուկային մէջ հայկական արտադրանքը ներկայացնելու հիանալի այլ առիթ մըն է, եւ Հայաստանի ԶԱԿը ուրախ է ըլլալու այդ նախաձեռնութեան կազմակերպիչներէն մէկը: «Մեր կեդրոնի գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններէն մէկը հայաստանեան արտադրողներու եւ գործարարներու առաջ մղումն է միջազգային շուկաներու մէջ: Այդ առումով մենք այստեղ ներկայացուցած ենք այն արտադրատեսակները, որոնց հանդէպ Ճափոնի սպառողները պիտի ունենան հետաքրքրութիւն», յայտնեց Լ. Մնացականեան:
Նշենք, որ ցուցահանդէսի բացման առաջին իսկ օրը Հայաստանի տաղաւարին շուրջ աշխուժութիւնը եղած է շատ բարձր: Թոքիոյի մէջ ճաշարանի մը սեփականատէր Ուշիա Կոճի կը յայտնէ, որ իր յաճախորդներուն խորհուրդ պիտի տայ օգտագործելու հայկական գինիները՝ յատկապէս ֆրանսական ուտելիքի հետ: «Այս գինիները շատ յագեցած համ եւ բոյր ունին, կը զգացուի պտուղին ուժը», յայտնեց ճափոնցի մասնագէտը: Այլ ճափոնցի ճաշարանատէր մը՝ Կէյսուկէ Նաքանօ, ըսաւ, որ հայկական գինին համադրելի պիտի ըլլայ յատկապէս ձուկի եւ միսի հետ: «Այստեղ ներկայացուած գինիները հիանալի պիտի ըլլան ճաշակել սուշիի հետ: Ես խորհուրդ պիտի տամ իմ յաճախորդներուն ճաշակելու հայկական գինին: Համոզուած եմ, որ անիկա հաճելի պիտի ըլլայ ճափոնցիներու քիմքին», բացատրեց գործարարը: