ԵՐԵՒԱՆ.- Նախագահ Սերժ Սարգսեան Չորեքշաբթի, 7 Մարտին ընդունեց պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան գտնուող Լիոնի քաղաքապետ Ժորժ Քեփենեկեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Ողջունելով Լիոնի քաղաքապետը եւ անոր ուղեկցող ներկայացուցչական պատուիրակութիւնը Երեւանի մէջ՝ հանրապետութեան նախագահը հանդիպումին սկիզբը նախ շնորհաւորեց Ժորժ Քեփենեկեանը՝ Լիոնի քաղաքապետի պաշտօնին ընտրուելուն առիթով եւ անոր մաղթեց յաջողութիւն: Նախագահը ընդգծեց, որ Ֆրանսայի մէջ մեր հայրենակիցին յաջողութիւնները հայաստանցիները կը նկատեն նաեւ իրենցը այն պարզ պատճառով, որ անոնք հայ-ֆրանսական բարեկամութեան կարեւոր բաղկացուցիչն են: Նախագահ Սարգսեան վստահութիւն յայտնեց, որ քաղաքապետը իր փորձառութիւնն ու ունակութիւնները լաւագոյնս պիտի ծառայեցնէ Լիոնի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու սերտացման, նաեւ հայ եւ ֆրանսացի ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդման գործին:
Անդրադառնալով առանձնաշնորհեալ նկատուող բարձր մակարդակի հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններուն՝ նախագահը ընդգծեց, որ բարեկամութիւնը սահմաններ չունի, եւ երկու երկիրները միշտ պարտաւոր են ընդարձակել համագործակցութիւնը եւ տարուէ-տարի ամրապնդել յարաբերութիւնները:
Լիոնի քաղաքապետ Ժորժ Քեփենեկեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահին՝ շնորհաւորանքին եւ բարեմաղթանքներուն համար:
Քաղաքապետը նշեց, որ իր գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ ներգրաւած է տարբեր ոլորտներու փորձառու մասնագէտներ, որոնց օգնութեամբ յոյս ունի բազմաբնոյթ համագործակցութիւն ծաւալելու Հայաստանի մէջ՝ այդպիսով փոխյարաբերութիւններու նոր էջ բանալով Երեւանի եւ Լիոնի, նաեւ երկու բարեկամ երկիրներուն միջեւ: Լիոնի քաղաքապետը գոհունակութեամբ խօսեցաւ այցելութեան շրջագիծին մէջ իր ունեցած արգասաբեր հանդիպումներուն եւ շարք մը ոլորտներու մէջ արդէն իսկ ձեռք բերուած համագործակցութեան պայմանաւորուածութիւններուն մասին: