ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումը Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին գործողութեանց յատկացումներու ենթայանձնախումբի ատենապետ Հել Ռոճըրզին եւ բարձրաստիճան անդամ Նիթա Լօուին հասցէագրուած նամակին մէջ կոչ կ՛ընէ Միացեալ Նահանգներու 2019ի ամավարկին մէջ Արցախի եւ Հայաստանի համար 70 միլիոն տոլարի օգնութիւն նկատի առնելու։ Համախմբումը արդէն իսկ սկսած է այս նամակին համար մեծագոյն թիւով քոնկրեսականներու ստորագրութիւններ ապահովելու արշաւի մը:
«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք քոնկրեսական (Հայկական համախմբումի համատենապետ Ֆրենք) Փալոնին եւ Հայկական համախմբումի ղեկավար կազմին մէջ անոր գործընկերներուն, Արցախի եւ Հայաստանի խաղաղութեան ու բարգաւաճման նպաստող օժանդակութեան այս ծրարին կապակցութեամբ՝ Ներկայացուցիչներու տան իրենց գործընկերներուն աջակցութիւնը խնդրելու ջանքին համար», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան։
Հայկական համախմբումին առաջարկած գումարներն ու քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները կը համապատասխանեն Հայ Դատի յանձնախումբի առաջարկներուն, զորս Հայ Դատը ներկայացուց անցեալ ամիս, արտաքին օժանդակութեանց մասին օրէնքի նախագիծով զբաղող յանձնախումբին առջեւ:
Գլխաւորաբար կ՛առաջարակուին հետեւեալները.
– 6 միլիոն տոլար յատկացնել Արցախի ականազերծման եւ հաշմանդամներու վերականգնումի ջանքերուն համար, իսկ 4 միլիոն տոլար՝ խաղաղութեան ջատագովման ջանքերուն համար.
– 30 միլիոն տոլար՝ Հայաստանին, իբրեւ տնտեսական օգնութիւն, եւ 10 միլիոն տոլար՝ իբրեւ ռազմական օգնութիւն, իսկ Միջին Արեւելքէն եկած գաղթականներուն ապաստարան տալու ջանքերուն աջակցելու համար՝ 20 միլիոն տոլար։
– Կասեցում Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական օգնութեանց:
– Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան առեւտուրի զարգացման նպատակով՝ առեւտուրի եւ ներդրումներու ժամանակակից համաձայնագիր մը, որ կրկնակի հարկումէ զերծ պիտի պահէ երկու երկիրները։