ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ
Քսանութ տարիներ անցած են այն օրէն, երբ հօրս ձայնը յանկարծ անսպասելիօրէն դադրեցաւ հնչելէ: Մնաց ձայնին յիշատակը՝ հեռուներէն հասնող, լեռնէ լեռ զարնուող բամբ արձագանգը, որ օրօրած է մանկութիւնս ու պատանեկութիւնս: Կ՛ենթադրեմ՝ նոյնն է պարագան բոլո՛ր մնացողներուն: Այլ եզր անցած սիրելիներու ձայնը կը յամենայ անոնց յիշողութեան գանկին մէջ, ու եթէ ճիգ մը թափեն յիշելու սիրելին, հին օրերուն ձայնով կը խօսի իրենց: Բախտաւորութիւնը ունիմ դիւրութեամբ հասնելու ձայնին, քանի որ հայրս կը սիրէր խօսիլ, վիճաբանիլ, բարձրաձայն խնդալ, բայց մանաւա՛նդ՝ կարդալ: Կիրակի կէսօրները, երբ ընտանիքը կը հաւաքուէր ճաշասեղանին շուրջ, հայրս կը սկսէր: Գէորգ Էմին, Համօ Սահեան, Վարդգէս Պետրոսեան, Հրանդ Մաթէոսեան մասնակից կը դառնային մեր ճաշին: Մենք՝ մեծով, պզտիկով, «բերանէն կախուած»՝ մտիկ կ՛ընէինք:
Չէինք գիտեր այն ատեն, որ հայրս կը թրծէր մեզ գրականութեան եւ հայրենասիրութեան կրակով: Ինքն ալ չէր գիտեր: Կը կարդար բարձրաձայն, քանի որ պահանջը կը զգար մեզ բաժնեկից դարձնելու իր սիրած տողերուն ու գործերուն: Այդ գործերէն մէկը՝ Մուշեղ Գալշոյեանի «Մամփրէ Արքան», ամէնէն աւելի կը մնայ յիշողութեանս մէջ, ոչ թէ որովհետեւ հայրս իրեն իւրայատուկ եռանդով, առանց յոգնելու, առաջին տողէն մինչեւ վերջին գիրը կը կարդար՝ կեանք ու հոգի դնելով բառերուն մէջ, այլ մանաւա՛նդ, որովհետեւ կը հաւատա՛ր Մամփրէ արքային իւրաքանչիւր ըսածին, կ՛ապրէր ու կը նոյնանար անոր հետ:
Այսօր, քսանութ տարիներ ետք, կը վերակարդամ «Մամփրէ Արքան». ան կը ներկայանայ ինծի հօրս ձայնին կշռոյթով, խորութեամբ, բարկացոտ ելեւէջներով կամ յուզականութեամբ, եւ կրկին կը խռովէ զիս իր բազմաշերտ նիւթով, որ կը մնայ այժմէական ու պիտի մնայ՝ այնքա՛ն ատեն, որ հայը կա՛յ:
Եթէ փորձեմ ամփոփել «Մամփրէ Արքան» գործի նիւթը, շա՛տ բան պիտի կորսուի գործի ներքին հրայրքէն: Այսպէս, եթէ ըսեմ, որ ծերունի Մամփրէ արքան Ցեղասպանութենէն ետք Արեւմտահայաստանէն հասած է Արեւելեան Հայաստան ու խորհրդային կարգերու օրերուն կը փորձէ հայերէն տառերը սորվիլ՝ իր թոռնուհիի օգնութեամբ, որպէսզի կարենայ նամակ մը գրել «թալանչի Օսմանին», գրեթէ ոչի՛նչ պիտի կարենամ փոխանցել: Բայց եթէ փորձեմ հօրս ակնոցով կարդալ ու փնտռել զինք յուզած տողերն ու հարցերը, թերեւս կարենամ յաջողիլ «բռնել» թելը, հենքը:
Ա՜յբ, բե՜ն, գի՜մ,
Ե՛լ Յովակիմ,
Դա՜, ե՜չ, զա՜,
Լծիր եզան:
Այբուբենով կը սկսի ամէն բան: Մշեցի փոքրիկ Մամփրէն առաջին հանդիպումը կ՛ունենայ Մաշտոցի գիրերուն հետ, երբ իր ուսուցիչը՝ տէր Յարութիւնը, կարմիր թելով կ՛ասեղնագործէ իւրաքանչիւր գիր ու կը բացատրէ, թէ գիրերը կարմիր են, քանի որ մասնակցած են կռիւներու, քանի որ արեգակը արդա՛ր է: Բայց ամէն օր մէկ տառ սորվելու ուրախութիւնը կը հարուածուի, երբ տէր Յարութիւն կը յայտարարէ, որ պատերազմ է, դպրոցը պէտք է փակուի եւ ծնողները երթան բանակ:
Նո՜ւ, շա՜, ո՜,
Պրծի, Շաւօ,
Չա՜, պէ՜, ջէ՜,
Ուշ է, Վաչէ՛:
Կը դադրի դասախաղը: Կարդացողին ձայնը կը դողդղայ, երբ կը փոխանցէ գիւղին սարսափազդու լռութիւնը: Յետոյ կը յաջորդէ զայրոյթը: Թուրք Օսմանը կը յայտնուի Մամփրէի գիւղին մէջ ու կը համարձակի փոխել Առիւծ Մհերի անունով կոչուած Մեհրէ աղբիւրը՝ Աթաբունարի. ոչ միայն կը փոխէ, այլ կը պնդէ, որ աղբիւրը մի՛շտ եղած է Աթաբունար: Ո՛չ միայն կը պնդէ, այլ թիկունքէն յարձակելով փոքրիկ Մամփրէին վրայ՝ քարով կը զարնէ գլխուն ու կը փախչի: Ծերունի Մամփրէին ծոծրակը մինչեւ այսօր կը ցաւի: Այդ ցաւը Ցեղասպանութիւնը ապրած կամ անոր հետեւանքները կրող նոր սերունդներուն խորհրդանշական ցաւն է անշուշտ: Իսկ Մամփրէն կը ձեռնարկէ նոյնքան խորհրդանշական արարքի մը. ի՛նք, որ կորսնցուցած է ծնողք, ազգական, ուսուցիչ ու բարեկամ, ի՛նք, որ կորսնցուցած է այբուբենը եւ ինկած է Օսմանի հարուածին տակ, կ՛որոշէ ի՛ր ձեւով պայքարիլ անիրաւութեան դէմ: Կ՛որոշէ սորվի՛լ այբուբենը: Հետաքրքրական եւ յուսադրող բանը հոս այն է, որ փոքրիկ թոռնուհի՛ն է, որ խիստ եւ անզիջող ուսուցչուհիի դերը վերցուցած՝ մեծ հօր կը սորվեցնէ Մաշտոցի գիրերը: Արդեօք հայրս ի՞նչ կը մտածէր, երբ կը կարդար այդ տողերը: Մէկ կողմէ, Խորհրդային Հայաստանի մէջ ընձիւղումով նոր սերունդին մասին կը մտածէր անշուշտ, իսկ միւս կողմէ՝ Սփիւռքի մէջ հասակ նետող պատանիներուն: Եթէ այսօր հոս ըլլար, ի՞նչ պիտի ըսէր արեւմտահայերէնը կորուստէ փրկելու ճիգերուն մասին, հայկական կամ օտար վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտներուն հայերէն սորվեցնելու աշխատանքին մասին: Ընթերցումի ընթացքին, ան ապագայ սերունդներուն մասի՛ն ալ կը մտածէր ու կը կարդար անո՛նց սիրոյն: Կը յուսար, որ անոնք պիտի հասկնային եւ ստանձնէին իրենց յատկացուած դերը: Եթէ ձայնը հասնի մեզի եւ անոր միջոցով հետեւինք Մուշեղ Գալշոյեանի ստեղծած կերպար Մամփրէ արքայի մտածումներուն, ապա այդ հիմնակա՛ն դերին մասին պիտի լսենք հետեւեալը.
«Սուրբ Մաշտոցը հայոց առաջին դպրանոցները բացեց հայոց երկրի սահմանաեզրերում: Շր-ջում էր հայոց սահմաններով, վարժապետներ կրթում, դպրոցներ բացում… եւ այդ դպրոցները բերդեր էին սահմանաեզրերում: Բերդեր եւ զօրանոցներ: Քանզի տառերը, Մաշտոցի գրերը զինուորնե՛ր են: Գեղեցկադէմ, մաքուր, զուլալ եւ արի զինուորներ: Զինուորնե՛ր: Ոչ թէ ասկեարներ, այլ՝ զինուորներ»:
Իսկ եթէ մեր առօրեայի ընթացքին, տուներուն մէջ թէ փողոցը, դպրոցներու թէ բակերու մէջ գործածենք մեր լեզուն, սորվեցնենք զայն եւ անով ստեղծե՛նք, այն ատեն լաւ հոգ տարած կ՛ըլլանք մեր զինուորներուն: Հոյակա՛պ կը գտնեմ այս գիր ու բանակ, լեզու եւ երկիր, լեզու եւ հայրենիք անքակտելի կապին ակնարկութիւնը պատումի մը ընդմէջէն: Առանց լեզուի հող չկա՛յ: Լեզո՛ւն է հողը: Իսկ լեզուին տէրը, հողին տէրը՝ մե՛նք ենք. Մամփրէ արքա՛ն է: «Իսկ թագաւորը, թագաւորը Մամփրէն է. Մամփրէն է արքան, այսինքն՝ նա, ով այդ զինուորներն ունի իր հրամանի տակ եւ նրանց կռիւ է տանում՝ յանուն հայրենիքի, յանուն արդարութեան, յանուն ճշմարտութեան, յանուն գեղեցիկի»:
Հոս էական հարց մը կը դրուի: Երբ թաղեցիներէն մէկը կը յիշէ ժողովրդային խօսք մը, ըստ որուն, «Ուսումն եփած հաց է՝ մարդու թեւի տակ դրած», այսինքն՝ շահոյթի աղբիւր, Մամփրէն չափազանց կը զայրանայ եւ կ՛ըսէ. «Ամէն հացակեր հայոց գրերի գլխին հարկ չէ, որ արքայ դառնայ»: Քիչ մը անդին՝ նորէն կը բարկանայ. այս անգամ՝ կամաց-կամաց, հատիկ-հատիկ կարդալով խորհրդահայ թերթը, ուր նշուած է, որ իրեն դրացի Ծաղիկը մանկութենէն փափաքած է… կթուորուհի դառնալ, մինչ Մամփրէն գիտէ՛, որ Ծաղիկը երբեմն կ՛երազէր ուսուցչուհի դառնալ, երբեմն՝ բժշկուհի, երբեմն՝ պարուհի: Հայրս Մամփրէ արքային ընդվզումը արտայայտելու ատեն, ի՛նքն ալ իր խորշանքը կ՛արտայայտէր ամէն սուտի ու կեղծիքի դէմ: Մաշտոց գիրերը ստեղծած է ճշմարտութեա՛ն մօտենալու համար:
Բայց երբեմն, ինչպէս խորհրդային օրերուն, գիրերը պարտուած են: Այս «պարտութիւն» բառը ինչե՜ր կը քօղարկէ ու կը բացայայտէ միաժամանակ: Դաժան բռնատիրութեան օրերուն Գալշոյեան որքա՜ն քաջ եղած է՝ փոխաբերական ձեւերով յայտնաբերելով տիրապետող խայտառակութիւնը, որ սկսած էր դասական ուղղագրութեան կամայական ջնջումով ու հասած հողային կեղեքումի եւ պարզ քաղաքացիի մը մարդկային տարրական իրաւունքներու ոտնակոխման: Տեղ մը Մամփրէ արքան կը յիշէ, թէ ինչպէ՛ս կոլտնտեսութեան նախագահը մշեցի Խաչոյին սարալանջի հողը խլած էր: Իսկ ինք ժողովներուն ոտքի ելած էր եւ անվախօրէն խօսած. «Մի օրուայ կեանք էլ ունենաս, այդ մէկ օրն էլ հարկ է, որ կռուես արդարութեան համար, ճշմարտութեան ու գեղեցիկի համար…». ըստ Մամփրէին, երբ անարդարութիւնը, ագահութիւնը, սուտն ու կեղծիքը միահեծան կը տիրեն երկրի մը վրայ, այդ կը նշանակէ, որ «զինուորները»՝ գիրերը, բարոյալքուած են. անոնք կոչուած են ասպետ ըլլալու, բայց հիմա «կը դառնան գող, աւազակ, թալանչի, մատնիչ, նենգ, դաւաճան, վախկոտ, սուտասան, ստոր, ստրկամիտ, ծախու, անուղղելի դասալիք…»։ Հոս, հօրս ձայնը կը դառնար վախազդու. այս բոլոր ահաւոր ածականները կը յղուէին իր ժողովուրդին պատկանող, հայու արիւնն ու անունը կրող մարդոց: Կը դղրդար ձայնը՝ կարծես Հայաստանի սահմաններէն դուրս շպրտելու համար բոլոր կորուսեալները:
Հապա ի՞նչ պիտի ըսէր այսօր, եթէ տեսնէր, որ հայրենիքին մէջ կը տիրեն նոյնանման ածականներու տէր իշխանաւորներ ու մարդիկ: Ի՞նչ պիտի մտածէր աղաւաղուած լեզուին ի լուր, առիւծներու ու վագրերու տէր կոշտ ու կոպիտ սակաւապետներուն ի տես: Գիտե՛մ, վստա՛հ եմ՝ պիտի շարունակէր կարդալ ու մատուցել «Մամփրէ արքան», որուն հաւատամքը ի՛րն էր նաեւ:
Մամփրէ արքան յարատեւ աշխատանքով վերջապէս կը սորվի գրել: Եւ երբ կը սորվի, կ՛որոշէ նամակ գրել թալանչի Օսմանին: Այդ նամա՜կը պէտք է մտնէ Սփիւռքի ու Հայաստանի մէջ ապրող ամէ՛ն հայու տուն, հասնի մեր պետութեան այրերուն ականջը, մտնէ մշակոյթի գործիչներու սրտերէն ներս եւ հանգչի Մեսրոպ Մաշտոցի ճի՛շդ ճակատին: «Օսմա՛ն, թալանչի՛ Օսման, ուրեմն որպէս աւազակ, ո՛ր ճամբին կանգնեցիր՝ էդ ճամբէն քոնն է, հա՞: Քու թալանչի ձեռքն, ո՛ր դրան դիպաւ՝ էդ տունն քոնն է, հա՞: Քու գիշատիչ աչքն, ո՛ր սարը տեսաւ՝ էդ սարը քոնն է, հա՞… Աթաբունար հարամանուն աղբիւր չկա՛յ: Չկայ ու չկայ: Աղբիւրի անունը Մեհրէ էր ու Մեհրէ կը մնայ՝ Մեհրէաղբիւր: Պատմութիւն կայ, արարիչ կայ ու հնուց եկած զրոյց. Առիւծ Մհերն էդտեղ, հէնց էդ աղբիւրի բխած տեղն է հանդիպել առիւծին ու ճղել զառիւծն ու, կամօք արարչի, տեղն ու տեղն աղբիւր է բխել: Եւ արարիչն ինքն է կնքել՝ Մեհրէաղբիւր։… Օսմա՛ն, թալանչի՛ Օսման, ես էլ մեռնեմ, դուն էլ մեռնես, աղբիւրի անունը Մեհրէ՛ էր ու Մեհրէ՛ էլ կը մնայ:
Մամփրէ արքայ»
Հայրս կը լռէր… շնչահատ, յուզուած: Մենք արցունքոտ աչքերով կը նայէինք հեռաւոր տարածութեան մը, ուրկէ առիւծասի՛րտ, բարոյապէս մաքրամաքո՛ւր զինուորներու բանակ մը կու գար դէպի մեզի, դէպի Սփիւռք ու Հայաստան: Գիտէինք, որ հայրս իր ընթերցումին ընդմէջէն բոլորս կը ղրկէր դէպի լեզու եւ հող, լեզու եւ զօրաւո՛ր բանակ, լեզու եւ արդարամի՛տ պետութիւն, լեզու եւ ազգային արժանապատուութի՛ւն: Դէպի ակո՛ւնք: Երկինքէն երեք խնձոր ինկած էր մեր գիրկը. մէկը՝ հայ գրականութեան գանձերէն՝ Մուշեղ Գալշոյեանին, միւսը՝ իր կերտած հայու լա՛ւ տեսակին՝ Մամփրէ արքային, իսկ երրորդը՝ մատուցողին։
Bravo Ani,
Vorkan houzich hishadag
Vorkan ajmeyagan
Arevmedayayereneh vedankevadz
Mer yergireh talanvadz
Irok yeteh unger Papkeneh voghch ellar
Inch bidi esser
Al chegah panag…
Shad Sireli Ani:
Khorazkatz artsounknerov gartasi aynkan srdi mod krvadz hotvadzut.
Neroghamdtyounut guh khntrem vor ankliadar darerov Hayeren guh krem.
Arten hos bardvadz guzkam, kani Hay darerous chgrtsa voki dal.
Payts anhok yeghir. Hokiyis mechn en trdzvadz, yev kou, yev mer polor serntagits yeghpayrneroun, kouyreroun yev ungerneroun, eeprev megagan Mampre Arkaner.
Ayt trzoumuh ee shnorhiv mer hayreroun voronk guh badganin im gardzikov ayn
amenagarevor verabrogh serountin vor dznanets, khnamets, mshagets,
kourkourats, bahets ou bahbanets mezi, yev pokhantsets mezi ayt Mashdotsi ganteghuh.
Apsos vor ayt serounten kicher mnatsin.
Yev hazar apsos vor Spurki mer zavagnerou serountuh,
vor dznav yerp Hayrenikuh angakh er arten, nouyn trzoumuh chsdatsan.
Chounin ayt nouyn agnadzankuh Hay krki yev kraganoutyan hanteb.
Kicher grtsan irents zavagneruh Haygagan tbrots ghrgel.
Ayo guh khosin Hayeren, payts ayt vosgeghen vokin, ayt Mampre’ Arka
sermuh shad tjvar vor artnna irents mech, patsaroutyounneruh mishd harkeli.
Hos eh vor mer Hay lezvi nor mshagneruh bedk eh getronatsnen irents jikeruh. Chorort serounti zavagneroun ayt Haygaganoutyan ankagdeli vokin eh vor bedk eh nermoudzvi irents mech, vor irenk al grnan megagan Mampre’ Arkaner tarnal, yev sharounagen mer hayreren jarankvadz srpazan kordzuh.
Hazar shnorhagaloutyoun keghetsig khoskerout hamar.
Shahe’ Kasparian