ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- Եգիպտոսի խորհրդարանի Պաշտպանութեան եւ ազգային ապահովութեան յանձնախումբի նախագահի տեղակալ Եահիա Քիտուանի եւ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի քարտուղար Թարեք Խուլի կրկին արծարծած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հարցը:
Երկու պատգամաւորները վկայակոչած են Հոլանտայի խորհրդարանին օրինակը եւ Եգիպտոսի խորհրդարանէն պահանջած են նմանօրինակ որոշում մը որդեգրել:
Ըստ Քիտուանիի՝ անհրաժեշտ է նման քայլի ձեռնարկել, հակադարձելու համար Թուրքիոյ շարունակուող ոտնձգութիւններուն: Ան աւելցուցած է, որ հայոց կոտորածները պատմական իրողութիւն են, եւ բոլորն ալ պարտաւոր են յստակ դիրքորոշում ունենալու այդ գծով:
Իր կարգին, Խուլի լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ Եգիպտոս նշեալ պատմութեան ականատեսներէն մէկն է, նկատի ունենալով, որ անիկա ապաստան տուած է Ցեղասպանութենէն վերապրած բազմաթիւ հայերու:
«Ջարդերէն վերապրած հայերուն թոռները կ՛ապրին մեզի հետ. հետեւաբար, Օսմանեան կայսրութիւնը վերակենդանացնելու ծրագիրները պէտք է բացայայտել եւ փշրել Թուրքիոյ հետապնդած ծաւալապաշտ երազները», ըսած է ան: