ՔՈՒՓԵՐԹԻՆՕ.- Փետրուար 3ին, Քուփերթինոյի Ս. Անդրէաս եկեղեցւոյ համայնքը, հովուութեամբ Տաթեւ Ա. քհնյ. Յարութիւնեանի՝ իրականացուց իր տարեկան տօնախմբութիւնը:
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան գնահատեց տէր հօր նուիրեալ ծառայութիւնը Ս. Անդրէաս եկեղեցու համայնքին: Սրբազան հօր կողմէ «Հայ Ոգի» շքանշանին արժանացան ծուխի անդամներէն՝ Անահիտ Վարդանեան, Լիլիան Պզտիկեան, Թալին Երկանեան, Վիգէն Փօլատեան եւ Արամ Կարապետեան: Նաեւ, սրբազան հօր Օրհնութեան գիրին արժանացան Կրեկ Վարդանեան, Քարինա Փօլատեան եւ Քնարիկ Չարեքեան:
Յաջորդ օրը, առաջնորդ սրբազանը Ս. պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Ս. Անդրէաս եկեղեցւոյ մէջ, միաժամանակ ան ձեռնադրեց վեց դպիրներ ու սարկաւագներ: