
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ մօտաւորապէս շաբաթ մը մնացած է ընդունելու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ ամէն տարի իրականացուող Լէօ Սարգիսեանի անուան վարժողական ծրագիրի դիմումները, որոնց ներկայացման ժամկէտը Մարտ 1ն է:
Այս վարժողական ծրագիրին նպատակն է նոր սերունդին մօտ զարգացնել քաղաքական գործունէութիւնը եւ Հայ Դատի ջատագովումը, պատրաստելու համար Հայկական Հարցի ապագայ դեսպաններ:
Այս տարուան ծրագիրը պիտի սկսի Յունիս 18ին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ Օգոստոս 10, իսկ անոր մասնակիցները առիթը պիտի ունենան օգտուելու Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի անուան «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» ծրագիրի եւ Լէօ Սարգիսեանի անուան վարժողական ծրագիրի շրջանաւարտներուն հարուստ փորձառութենէն։

Այս ծրագիրին միջոցաւ, Հայ Դատի յանձնախումբը 1986էն ի վեր առիթ ունեցած է աշխատելու Հիւսիսային ու Հարաւային Ամերիկաներէն եւ աշխարհի այլ անկիւններէ ժամանած աւելի քան 200 համալսարանական ուսանողներու հետ, որոնք նուիրուած են Հայկական Հարցի պաշտպանութեան:
Մասնակիցները իրենց ութշաբաթեայ ծրագիրին ընթացքին կ՛իրականացնեն շարք մը աշխատանքներ՝ մօտէն ծանօթանալով ամերիկեան քաղաքական կեանքին եւ Հայ Դատը ջատագովելու միջոցներուն։ Անոնք կը բնակին Հայ Դատի «Արամեան Տան» մէջ, որ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի մայրաքաղաքի կեդրոնատեղիին մօտերը կը գտնուի եւ կոչուած է Ռոտ Այլընտէն բարերար Մարթա Արամեանի յիշատակին:
Յաւելեալ տեղեկութեանց եւ դիմումնագիր ամբողջացներու համար, այցելել anca.org/internship կայքէջը:
