ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական միութիւնը՝ համագործակցութեամբ Գանատայի զանազան հայ ուսանողական միութիւններու հետ կազմակերպած է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան նուիրուած խորհրդաժողով մը՝ «Ցեղասպանութենէն պետականութիւն. 900 օրուան հանրապետութիւնը» թեմայով, որ տեղի պիտի ունենայ Մարտ 2018ին:
Խորհրդաժողովի զեկուցաբերներն են՝ «Եու.Սի.Էլ.Էյ.» (UCLA) համալսարանի փրոֆեսէօր եւ պատմաբան դոկտոր Ռիչըրտ Յովհաննիսեան, «Եու.Սի.Էլ.Էյ.» համալսարանի փրոֆեսէօր, հեղինակ եւ գիտաշխատող դոկտոր Ռուբինա Փիրումեան եւ Ժընեւի Webster համալսարանի փրոֆեսէօր եւ լրագրող դոկտոր Վիգէն Չըթըրեան:
Ժամանակացոյց.
Երեքշաբթի, 13 Մարտ, երեկոյեան ժամը 7, Մոնթրէալ, «ՄըքԿիլ» (McGill) համալսարան
Չորեքշաբթի, 14 Մարտ, երեկոյեան ժամը 7, Օթթաուա, «Քարլթըն» (Carlton) համալսարան
Հինգշաբթի, 15 Մարտ, երեկոյեան ժամը 7, Թորոնթօ, Թորոնթոյի համալսարան (University of Toronto)
Կազմակերպող ուսանողական միութիւններն են՝
«Արմէն Գարօ» ուսանողական միութիւն
Universite de Montreal-ի Հայ ուսանողներու միութիւն
Concordia-ի Հայ ուսանողներու միութիւն
McGill-ի Հայ ուսանողներու միութիւն
Carlton University of Ottawa-ի Հայ ուսանողներու միութիւն
Council of Ontario-ի Հայ ուսանողներու միութիւն
University of Toronto Scarborough Campus-ի Հայ ուսանողներու միութիւն
University of Toronto St. George Campus-ի Հայ ուսանողներու միութիւն
Ryerson University-ի Հայ ուսանողներու միութիւն
York University-ի Հայ ուսանողներու միութիւն
McMaster University-ի Հայ ուսանողներու միութիւն: