ԳԱՀԻՐԷ.- Աննախընթաց մեծ թիւով համակիրներու, հիւրերու եւ կուսակցականներու ներկայութեան, ՀՅԴ 127ամեակը նշուեցաւ Գահիրէի մէջ Ուրբաթ, 16 Փետրուարի երեկոյեան, Հելիոպոլսոյ «Յուսաբեր» ակումբի «Լ. Եւ Ս. Գարագաշեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ տեղւոյն մարմինին:
Արդարեւ, ինչպէս տասնամեակներու աւանդութիւնն է, Դաշնակցութեան Օրը հարիսայի հիւրասիրութիւն կը կատարուի, ի յիշատակ Խրիմեան Հայրիկի հռչակաւոր պատգամին:
Հանդիսութեան ներկայ էին Եգիպտոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսան, Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Ստեփան Գէորգեան, Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ ազգային իշխանութեանց անդամներ, ազգային կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, Գահիրէի ազգային վարժարանի տնօրէնը, մշակութային, մարզական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ համակիրներ:
Հանդիսութիւնը բացուեցաւ Եգիպտոսի եւ Հայաստանի օրհներգներու եւ Դաշնակցութեան քայլերգի յոտընկայս ունկնդրութեամբ, որմէ ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ շրջանի պատասխանատու մարմինի ներկայացուցիչ տոքթ. Արմէն Մազլումեան, որ ողջունելով ներկաները՝ ներկայացուց օրուան խորհուրդը:
Ան այս առթիւ երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Գահիրէի Ազգային առաջնորդարանին, որ «իւրայատուկ նախաձեռնութեամբ մը կը սատարէ եւ նեցուկ կը կանգնի գաղութի բոլոր կազմակերպութիւններուն անխտիր, դիւրացնելով հայապահպանման դժուար գործը»: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ օրուան յաջողութեան նպաստած բոլոր նուիրատուներուն, մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց Միքայէլեան եղբայրներուն, որոնք Դաշնակցութեան զինանշանով գեղեցիկ գրակալ նուիրած էին իրենց ծնողաց յիշատակին: Ան վեր առաւ նաեւ ակումբի երիտասարդութեան գործօն դերակատարութիւնը երեկոյթի յաջողութեան մէջ:
Ան թուարկեց ներկայիս հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները, սկսելով Հայաստանի Հանրապետութեան շարունակուող շրջափակումէն, անցնելու համար Արցախի շուրջ պայթունավտանգ լարուածութեան, հայրենամերձ գօտիներու հայահոծ գաղութներու վտանգուած գոյութեան, Ցեղասպանութեան ընդունման եւ փոխհատուցման անաւարտ պայքարին, պետականաշինութեան երկար եւ դժուար ուղին, որոնք կը կարօտին անխոնջ աշխատանքի, միաբանութեան, որուն ախոյեանը եղաւ ու կը մնայ Դաշնակցութիւնը, հասնելու համար ամբողջական հայութեամբ հզօր ամբողջական Հայաստանի գաղափարի իրագործման:
Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ Եգիպտոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Աշոտ սրբազանը՝ իր ողջոյնի խօսքը յղելու 127ամեայ Դաշնակցութեան: Ան վեր առաւ հիմնադիր սերունդէն սկսեալ գաղափարական անհատի դերը, որ անմնացորդ նուիրուելով ազգի եւ հայրենիքի ազատագրութեան դատին սերունդէ սերունդ կերտեց պատմութիւն, Ա. Հանրապետութենէն Սփիւռքի գաղթօճախներու կազմակերպութիւն, ապա վերադարձ Երկիր՝ մասնակցելու Արցախի ազատամարտին ու վերանկախացած պետականութեան հզօրացման: Ան ողջունեց նաեւ տեղական կազմակերպութիւնը, որ փոքրաթիւ դարձած համայնքին մէջ ազգապահպանման գործը յառաջ կը տանի մշակութային, բարեսիրական թէ մարզական-սկաուտական բնագաւառներէն ներս, ազգային-կազմակերպական արժէքները փոխանցելով նոր սերունդին: Այս ծիրէն ներս ան ողջունեց նաեւ Ռամկավար Ազատական եւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւնները, որոնք լծակից են վերապրումի եւ գոյատեւման համայնքային ճիգին: Ան ուժ եւ կարողութիւն մաղթեց հայ ժողովուրդին, խաղաղութիւն՝ հայրենիքին, անսասանութիւն մեր պետականութեան, «որուն հիմքին պէտք է կանգնած ըլլայ իւրաքանչիւր հայ, իւրաքանչիւր գաղափարական կուսակցութիւն, իւրաքանչիւր սփիւռքահայ, որովհետեւ հայրենիքը ոչ միայն գաղափարախօսութիւն է այս պարագային… հայրենիքը հող, ջուր, նիւթական արժէք է, որուն հոգեւոր-բարոյական արժէքը մարդ անհատն է, որ իր կեանքը պէտք եղած պարագային պիտի նուիրաբերէ, որպէսզի այդ անկախութիւնը, որ ստեղծուած է հարիւրամեայ այս շրջանին, երբեք ու երբեք չկորսուի եւ հակառակը, Արցախի ազատագրումը օրինակ ունենալով, նաեւ շարունակէ ազատագրական իր պայքարը, նաեւ ետ առնելու կորսուած հայրենիքը՝ Արեւմտեան Հայաստանը եւ աւարտին հասցնելու մեր ազգային-ազատագրական մեծ պայքարը:
Օրուան պատգամը տեսագրութեան միջոցաւ փոխանցեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան:
Մանոյեանի խօսքէն ետք ազգային-ժողովրդական ու հայրենասիրական երգերու փունջով հանդէս եկաւ այս առթիւ Հայաստանէն հրաւիրուած տաղանդաւոր երգիչ Սեւակ Ամրոյեան, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց բերնէ բերան լեցուած սրահին մէջ: