ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը հաւանութիւն տուաւ Վանայ լիճի տակէն դէպի Աղթամար կղզի ըմպելի ջուր հասցնելու վերաբերեալ Վանի քաղաքապետարանի նախագիծին։
«Սի.Էն.Էն. Թիւրք» կայանը կը հաղորդէ, որ կը նախատեսուի Վանայ լիճի յատակը 3.8 քիլոմեթր երկարութեամբ խողովակաշար մը անցընել մինչեւ կղզի։
Վանի Ոստան համայնքի ղեկավար Սինան Հաքան տեղեկացուց, թէ «Կղզիի կանաչապատ զանգուածին մեծ մասը կը կազմեն նշենիները։ Հոն կան 100ամեայ ծառեր։ Վերջին տարիներու կլիմայական փոփոխութիւնները հո՛ն եւս զգալի են։ Վերջին տասը տարիներուն, կղզիին բնութիւնը սկսած է չորնալու։ Եթէ միջոցներ ձեռք չառնուին, Աղթամար կղզին կրնայ անապատի վերածուիլ։ Այս նախագիծը կարեւոր է յատկապէս նշենիները փրկելու, տարածքը 12 ամիս կանաչ պահելու եւ զբօսաշրջիկներու համար աւելի գեղեցիկ միջավայր մը ապահովելու տեսանկիւնէն»՝ աւելցնելով, որ այս ծրագիրը յատկանշական ներդրում պիտի ունենայ ո՛չ միայն Վանի, այլեւ ամբողջ Թուրքիոյ զբօսաշրջութեան զարգացման ջանքերուն մէջ։