ՄԱԿ.- ԵՈՒՆԻՍԵՖ վերջերս հրապարակեց նորածիններու համար ամենավտանգաւոր երկիրներու ցանկը, ուր «ախոյեան» կը հանդիսանայ Փաքիստանը։ Ըստ ցանկին՝ նորածիններու մահացութեան ամենաբարձր մակարդակը արձանագրուած է Փաքիստանի մէջ, որուն կը յաջորդեն Կեդրոնական Ափրիկէն եւ Աֆղանիստանը։ Տեղեկագիրին համաձայն՝ ամէն տարի աշխարհի տարածքին կը մահանան մօտաւորապէս 2.6 միլիոն նորածիններ, որոնք նոյնիսկ ամիս մը չեն ապրիր։ Փաքիստանի մէջ 1000 նորածիններէն 46ը կը մահանայ, եւ ասիկա աշխարհի մէջ ամենաբարձր ցուցանիշը կը համարուի։ Բաղդատութեան համար նշենք, որ Ճափոն ունի նորածիններու մահացութեան ամենացած ցուցանիշը. հոն 1111 նորածինէն միայն մէկը կը մահանայ։ Ճափոնին կը յաջորդեն Իսլանտա եւ Սինկափուր։
Յայտնենք, որ ցանկին վրայ աշխարհի բոլոր երկիրները բաժնուած են չորս խումբերու՝ ըստ իրենց եկամուտի մակարդակին (ցած, միջին-ցած, միջին-բարձր եւ բարձր)։ Միջին-ցած եկամուտ ունեցող երկիրներու ցանկին վրայ, Հայաստան 49րդ կարգի վրայ է. ըստ ԵՈՒՆԻՍԵՖին՝ Հայաստանի մէջ իւրաքանչիւր 1000 ծնունդի պարագային մահուան 7.5 դէպք կ՛արձանագրուի։