ԵՐԵՒԱՆ.- Կառավարութիւնը իր Հինգշաբթի, 22 Փետրուարի նիստին, հաստատեց Բնական պաշարներու կառավարման ռազմավարութիւնը: Որոշման նախագիծը ներկայացուցած էր ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարար Աշոտ Մանուկեան:
Ըստ նախարարին՝ այս ռազմավարութեան մէջ ուշագրաւը այն է, որ Հայաստանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով ընդերքօգտագործողները կը պարտաւորուին վերամշակել իրենց գործունէութեան իբրեւ արդիւնք յառաջացած թափօնները:
«Խօսքը պոչամբարների մասին է, որոնք 22ն են երկրում», պարզաբանեց նախարարը:
Ըրդեգրուած ռազմավարութիւնը կ՛առաջադրէ հանքերու արդիւնաւէտ կառավարում՝ նպատակ ունենալով հանքարդիւնաբերութեան կայուն զարգացման ապահովումը, որուն կարելի կ՛ըլլայ հասնիլ շրջակայ միջավայրի, ընկերային ապահովութեան եւ տնտեսական հարցերու լուծման ուղղութեամբ համակցուած եւ համադրելի միջոցառումներու շնորհիւ: