Երեքշաբթի, 6 Փետրուարին, Յունաստանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան եւ Ազգային վարչութեան պատուիրակութիւն մը պաշտօնական այցելութիւն տուին Յունաստանի խորհրդարան: Խորհրդարանի նախագահութեան կողմէ առաջնորդ սրբազան ը եւ Ազգային վարչութեան պատուիրակութիւնը պաշտօնապէս ընդունուեցան խորհրդարանի փոխնախագահ Նիքիթաս Քաքլամանիսի եւ շուրջ տասը տարբեր կուսակցութիւններու պատկանող երեսփոխաններու կողմէ:
Իր ընդունելութեան խօսքին մէջ, խորհրդարանի փոխնախագահը խորհրդարանին կողմէ բարի գալուստ մաղթեց սրբազան հօր եւ շնորհաւորեց զայն առաջնորդի պաշտօնին ստանձման առթիւ: Ան անդրադարձաւ յոյն եւ հայ ժողովուրդներու դարաւոր եղբայրական կապերուն եւ արտայայտեց յոյն ժողովուրդի եղբայրական զգացումները, յունահայ գաղութին եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին հանդէպ: Այս զգացումներու արտայայտութեան արդիւնքն էր նաեւ 1996ին յունական խորհրդարանի միաձայնութեամբ օրէնքի քուէարկումով պաշտօնապէս ճանաչումը Թուրքիոյ կողմէ ծրագրուած եւ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան: Ան յայտնեց, որ քաղաքական գետնի վրայ կապեր կան գաղութին հետ, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Յունաստան միջպետական յարաբերութիւնները կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ, փոխադարձ գործակցութեան եւ բարի կամեցողութեան մթնոլորտի մը մէջ, բոլոր մարզերէն ներս:
Խօսք առնելով, առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց պաշտօնական ընդունելութեան համար: Ան յայտնեց, թէ ուրախութեամբ եւ յուզումով ստանձնեց թեմի առաջնորդի պաշտօնը, մանաւանդ որ ինք տարիներով պաշտօնավարած է իբրեւ հոգեւոր հովիւ Թեսաղոնիկէի գաղութին մէջ, ինքզինք կը զգայ հարազատ մթնոլորտի մէջմ եւ հպարտ է, որ ունի յունական հպատակութիւն, վկայեալ է Արիսթոթէլիօ համալսարանի աստուածաբանական ճիւղէն եւ լայն ծանօթութիւններ ունի գաղութին մասին:
Յաջորդաբար խօսք առին յոյն երեսփոխանները, որոնք դրուատիքով անդրադարձան յունահայութեան հասցէին, իրենց անձնական ծանօթութիւններէն մեկնելով եւ ընդհանրապէս տեղեակ ըլլալով գաղութի գործունէութեան: Յատկապէս յիշատակելի է Հայաստան-Յունաստան միջխորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ Էլէնի Սթամաթաքին, որ անձնական ծանօթութիւններ ունի գաղութի ազգայիններու հետ եւ ներկայ գտնուած է »«Զաւարեան» կեդրոնին մէջ վարժարանի հանդիսութեան եւ ձեռնարկներու:
Աւարտին խօսք առնելով, Ազգային վարչութեան ատենապետ Պօղոս Չոլաքեան բացատրեց թեմի երեսփոխանական ժողովի կառոյցը, թէ՝ թեմակալ առաջնորդի ընտրութիւնը կը կատարուի Ազգային երեսփոխանական ժողովին կողմէ եւ լաւագոյն ընտրութիւնը կատարուեցաւ յանձին Գեղամ արքեպիսկոպոսին, որ յունական հպատակութիւն ունենալով՝ Յունաստանի եւ յունահայ գաղութին համար յարմարագոյն անձնաւորութիւն է, տրուած ըլլալով նաեւ, որ Կիլիկիոյ միաբանութեան լաւագոյն կղերականներէն է: Ան անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց պաշտօնական ընդնունելութեան համար։
Այցելութեան առթիւ, խորհրդարանի փոխնախագահ Քաքլամանիս խորհրդարանի նախագահութեան կողմէ առաջնորդ սրբազանին յանձնեց ձիթենիի ծառը պատկերող յուշանուէր մը: