
ԷՆԸՀԱՅՄ.- Սրբոց Նահատակաց ՀՕՄի Աշխէն Փիլաւճեան Ազգ. մանկամսուրի, ինչպէս նաեւ Ս. Աստուածածինի Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան մանկամսուր-մանկապարտէզի անձնակազմերը իրենց մասնակցութիւնը բերին Ուրբաթ եւ Շաբաթ, Փետրուար 2-3ին, Էնըհայմի մէջ կայացած գիտութեան, արհեստագիտութեան, ճարտարագիտութեան եւ ուսողութեան (STEM) յատուկ խորհրդաժողովի մը, որ կեդրոնացած էր այդ նիւթերը մանուկներուն եւ երեխաներուն ծանօթացնելու ջանքերուն։
Աւելի քան 600 ուսուցիչներ մասնակցեցան այս խորհրդաժողովին, որ իր տեսակին մէջ 7րդն էր։
