ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Վերջին տարիներուն, բազմաթիւ «վարձու գրողներ» վիրաւորական յօդուածներ գրած են Հայաստանի եւ ամերիկահայերու մասին: Այս հակահայ մեկնաբաններէն շատերը կը վարձատրուին Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ։
Ցաւալի է, որ որոշ երկիրներ կը դիմեն նման աժան հնարքներու՝ իրենց վարկաբեկուած հեղինակութիւնը վերականգնելու եւ ուրիշները նսեմացնելու համար: Այս երկիրները ունին ներքին լուրջ հարցեր, որոնք յայտնի են ամբողջ աշխարհին՝ առանց զանոնք հանրայայտ դարձնելու համար ոեւէ մէկուն վճարելու: Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կառավարութիւնները միլիոնաւոր տոլարներ վճարած են հանրային կապերու եւ լոպիիստական ընկերութիւններու, Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի մէջ, փորձելով մաքրագործել իրենց արատաւորուած հեղինակութիւնը: Սակայն այս հնարքներով չեն յաջողիր խաբել քաղաքական ղեկավարները՝ Ուաշինկթընի, Լոնտոնի, Փարիզի, Պերլինի եւ Մոսկուայի մէջ: Անոնք քաջատեղեակ են թրքական այս երկու երկիրներուն մէջ մարդկային իրաւունքներու ոլորտին մէջ տիրող ծանր իրավիճակէն։
Այսօր, ես ինծի պարտաւորուած կը զգամ պատասխանելու յատկապէս յերիւրածոյ յօդուածի մը, որ 5 Փետրուար 2018ին յայտնուած է «Տէյլի Քոլըր» (Daily Caller) համացանցային օրաթերթին մէջ, որ, ըստ Ուիքիփետիայի, «Ուաշինկթընի մէջ հիմնուած՝ լուրերու եւ տեսակէտներու ամերիկեան պահպանողական կայք է: Զայն հիմնադրած են քաղաքագէտ Թաքըր Քարլսըն եւ նախկին փոխնախագահ Տիք Չէյնիի խորհրդական Նիլ Փաթէլ»: Քարլսըն հեռացած է կայքէն իր՝ «Ֆաքս Նիուզ» (Fox News) պատկերասփիւռի «Թաքըր Քարլսընը այս երեկոյ» ծրագիրին վրայ կենդրոնանալուն պատճառով։
«Տէյլի Քոլըր»ի մէջ Ռաուլ Քոնթրերասի գրած յօդուածը վերնագրուած է այսպէս. «Հայկական Ազդեցութիւնը Կը Ներկայացնէ Ուսուցողական Նմուշ Մը՝ Արտասահմանեան Գործակալներու Արձանագրութեան Արարքին Մասին»: Հեղինակը կը մէջբերէ «Ֆորպզ» ամսագիրին մէջ 27 Նոյեմբեր 2017ին հրապարակուած յօդուածէն, որ անհիմն կերպով կը պնդէ, թէ «Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը (ANCA) թէեւ կը նկատուի «հասարակական կազմակերպութիւն» մը, լայնօրէն յայտնի է, որ անիկա խորապէս կապ ունի ռուսական ազդեցութեան հետ: Յանձնախումբը կը տարածէ Հայաստանի՝ իբրեւ նախկին խորհրդային երկրի մը, երկարատեւ աւանդոյթը, զայն ներկայացնելով իբրեւ անոր նախկին հայրենիքին փոխանորդը»: Այս նախադասութիւնը ամբողջութեամբ սուտ է, քանի որ Հայ Դատի յանձնախումբը չի ներկայացներ Ռուսիոյ կամ ուրիշ որեւէ երկրի մը քաղաքականութիւնը: Յանձնախումբը միայն կը ներկայացնէ ամերիկահայ համայնքի ստուար հատուածի մը տեսակէտները: «Ֆորպզ» ամսագիրի յօդուածին հեղինակը Ափրիկէի մասնագէտ Մֆոնապոնկ Նսեհն է, որ շատ քիչ բան գիտէ Հայաստանի կամ Հայ Դատի յանձնախումբին մասին։
«Ֆորպզ»ի հրապարակած անհիմն տեղեկութեան հիման վրայ, «Տէյլի Քոլըր» կը պնդէ, որ «Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը ներկայացնէ Հայաստանի, եւ միջանկեալ, Ռուսիոյ կառավարութեան տեսակէտները: Առանց արձանագրութեան, այդ մէկը կրնայ խախտել FARA-ի (Միացեալ Նահանգներու օտարերկրեայ գործակալներու արձանագրութեան օրէնք) եւ լոպիիստական օրէնքները»։
Քոնթրերաս կարեւոր կը նկատէ այն փաստը, որ Հայաստան Ռուսիոյ հետ ռազմական դաշինք կնքած է, սակայն չի հասկնար, որ Հայաստան այլընտրանք չունի, բացի նման պաշտպանական դաշինքի մէջ մտնելէ: Արդեօք Հայաստան պէ՞տք է անխոհեմօրէն վտանգի ենթարկէ իր գոյութիւնը, երբ օր մը Ատրպէյճան եւ Թուրքիա իրականացնեն իրենց թշնամական եւ սպառնալից յայտարարութիւնները: Քոնթրերաս կ՛անտեսէ այն փաստը, որ Հայաստան նաեւ ունի տնտեսական, քաղաքական եւ ռազմական սերտ յարաբերութիւններ Արեւմտեան Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ։
Քոնթրերաս ուրիշ սուտ մըն ալ կը յօրինէ՝ յիշատակելով ամերիկահայերու նուիրատուութիւնները՝ ուղղուած Միացեալ Նահանգներու քաղաքական թեկնածուներուն: Ան անհիմնօրէն զանոնք կ՛անուանէ «կասկածելի քարոզչական վճարներ»: Քաղաքական նուիրատուութեան փոքր գումարները տրուած են ANC PAC-ի (Քաղաքական գործողութիւններու կոմիտէ) կողմէ, որ Հայ Դատի յանձնախումբէն անկախ եւ ամբողջութեամբ օրինական կառոյց է։
Ասկէ բացի, կը թուի, թէ Քոնթրերաս տեղեակ չէ, որ Հայ Դատի յանձնախումբը 501(c)(4) IRS (Ներքին հարկային ծառայութիւն) մարմին է, որ իրաւունք ունի քաղաքական աջակցութիւն ցուցաբերելու: Քոնթրերաս Հայ Դատի յանձնախումբի զօրակցութիւնը եւս կ՛անուանէ «հաւանականօրէն ապօրինի»: Ըստ ամերիկեան օրէնքներուն՝ այսպիսի նուիրատուութիւններ եւ զօրակցութիւններ բնաւ ապօրինի չեն…
Այնուհետեւ, Քոնթրերաս յառաջ կը մղէ արդէն շատոնց պարզաբանուած հարց մը. 2009ին, Ուաշինկթընի մէջ, CREW-ի («Քաղաքացիները յանուն պատասխանատուութեան եւ բարոյականութեան» կազմակերպութիւն) բողոքը արդարադատութեան բաժանմունքին, IRS-ին եւ Քոնկրեսին՝ պնդելով, որ Հայ Դատի յանձնախումբը խախտած է FARA-ն՝ չարձանագրուելով որպէս «օտարերկրեայ գործակալ»: Այս բողոքը հանգամանօրէն ստուգուած եւ մերժուած է ինը տարի առաջ…։ Քոնթրերաս ազնուութիւնը չունի յայտնելու, որ CREW-ի բողոքը մերժուած է IRS-ի կողմէ։
Քոնթրերաս կը շարունակէ պատմել Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին՝ Ատրպէյճանի մէջ Մեթեու Պրայզան՝ իբրեւ դեսպան Ծերակոյտի հաստատումը կանխելու յաջողութեան մասին: Ասիկա մեծ յաջողութիւն է, եւ Հայ Դատի յանձնախումբը արդարացիօրէն կը հպարտանայ այս իրողութեամբ։
Վերջաւորութեան, Քոնթրերաս կը մէջբերէ «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի 2010ին լոյս տեսած խմբագրականը, որ կը պնդէ, թէ Հայ Դատի յանձնախումբի «լոպիիստական գործունէութիւնը աւելի դժուարացուցած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաշտութիւնը, ատով իսկ նպաստելով Հայաստանի աղքատացման խորացման եւ Ռուսիայէն Հայաստանի գերկախուածութեան»: Ծիծաղելի է, երբ Քոնթրերասի նման օտարներ, ամերիկեան հրատարակութիւններ, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նման թշնամական պետութիւններ հայերուն կը սորվեցնեն, թէ անոնց իսկական շահը ինչ է: Հայերը բոլորէն լաւ գիտեն իրենց շահերուն մասին: Անոնք ոչ ոքի դասախօսութեան կարիքը ունին…
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին՝ իբրեւ օտարերկրեայ գործակալ արձանագրուելու գծով տուած իր խորհուրդին փոխարէն, Քոնթրերաս ի՛նք պէտք է այդ ընէ՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ շահերը Միացեալ Նահանգներու մէջ քարոզելու համար…
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ ամերիկահայերը պէտք է դատ բանան Քոնթրերասի, «Տէյլի Քոլըր»ի եւ «Ֆորպզ»ի դէմ՝ հակահայկական զրպարտութեան մեղադրանքով: «Տէյլի Քոլըր» իր հրապարակած յօդուածի աւարտին նշած է, որ «յօդուածին մէջ արծարծուած տեսակէտներն ու կարծիքները կը պատկանին հեղինակին եւ չեն ցոլացներ «Տէյլի Քոլըր»ի պաշտօնական տեսակէտը»: «Ֆորպզ»ը նոյնպէս նման նշում կատարած է իր յօդուածի վերջաւորութեան:
Սուտ լուրերու հրապարակումը զրպարտութիւն է եւ կապ չունի գրողի կարծիքին հետ: Այս երկու հրատարակութիւնները պէտք է պատասխանատուութեան կանչուին՝ սուտ ու պատիր յերիւրանքներ տարածելնուն համար։
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ