ՊԷՅՐՈՒԹ.- ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական մարմինին նախաձեռնութեամբ, անցեալ շաբաթավերջին Լիբանան հրաւիրուեցաւ իտալացի պատմաբան, Վատիկանի մամլոյ անձնակազմի անդամ-լրագրող, գիրքերու հեղինակ դոկտ. Ֆրանքա Ճիանսոլտաթի:
Դոկտ. Ֆրանքա Ճիանսոլտաթի 2015ին, Հռոմի մէջ հրատարակեց իտալերէնով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իր գիրքը՝ «Լա Մարսիա Սենզա Ռիթոռնօ» («Անվերադարձ Երթը»), որուն կողքին վրայ տեղադրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Ֆրանսիս պապին կատարած մէկ յայտարարութիւնը:
Նշենք, որ այս նախաձեռնութեան յաջողութեան մէջ իր նպաստը ունեցաւ Ալին Քայթանճեան-Օհանեան, որ դոկտ. Ճիանսոլտաթիի գիրքը թարգմանած է ֆրանսերէնի:
«Լա Մարսիա Սենզա Ռիթոռնօ»ի ֆրանսերէն տարբերակի հրատարակութենէն ետք, գիրքին շնորհահանդէսը հետագային պիտի կազմակերպուի Լիբանանի մէջ:
Լիբանանահայութեան եւ անոր կառոյցներուն ծանօթանալու առիթով, դոկտ. Ճիանսոլտաթի եռօրեայ այցելութիւն մը տուաւ Պէյրութ:
Ան այցելեց Ճիպէյլի «Արամ Պէզիքեան» թանգարան, որուն տպաւորութիւններու տոմարին մէջ արձանագրեց հետեւեալը. «Թող Մարիա Եաքոպսոն երկինքին մէջ իբրեւ աստղ մը փայլի՝ իր փրկած բոլոր որբերուն կողքին: Թող Եւրոպան այս թանկագին լոյսը բացայայտ ներկայացնէ աշխարհին՝ պահպանելով յիշողութիւնը»:
Դոկտ. Ճիանսոլտաթի այցելեց նաեւ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Հանդիպումին ընթացքին վեհափառ հայրապետը շեշտը դրաւ արդարութեան վրայ: Դոկտ. Ճիանսոլտաթի այցելեց նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի կողքին գտնուող Ցեղասպանութեան զոհերու մասունքներուն նուիրուած մատուռը: Ապա, Դոկտ. Ճիանսոլտաթի այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն եւ ծանօթացաւ անոր տարբեր կառոյցներուն:
Այցելութիւններու շարքին էր նաեւ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնը:
Այնուհետեւ, դոկտ. Ճիանսոլտաթի այցելութիւն տուաւ Պուրճ Համուտի ու Այնճարի քաղաքապետներուն եւ ծանօթացաւ երկու շրջաններուն մէջ գտնուող հայկական կառոյցներուն: