ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Դաւիթ Տօնոյեան Երեքշաբթի, 13 Փետրուարին այցելեց Գառնիի երկրաֆիզիքական դիտարան (ԳԵԴ)՝ մասնակցելու դիտարանի գերճշգրիտ լազերային թեքաչափի տեղադրման եւ շահագործման վերաբերեալ կայանալիք խորհրդակցութեան:
Գառնիի դիտարանին մէջ տեղադրուած գերճշգրիտ լազերային թեքաչափը Ռուսիոյ Միջուկային հետազօտութիւններու միասնական ինստիտուտի (ՄՀՄԻ) եւ Գառնիի երկրաֆիզիկական դիտարանի գիտնականներու ու մասնագէտներու հերթական յաջողութիւններէն է:
Սարքը նախատեսուած է միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ երկրաշարժի վտանգը գնահատելու համար, եւ կարելիութիւն կ՛ընձեռէ կատարեալ ճշդութեամբ հետեւելու երկրակեղեւի անկիւնային տատանումներուն մէկ տասներորդ նանոռադիանի ճշդութեամբ: Նախապէս եղած սարքերու համեմատութեամբ՝ այս մէկը շուրջ 1000 անգամ առաւել ճշգրիտ կ՛արձանագրէ երկրակեղեւի տատանումը: