Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) «Գրիգոր Սաթամեան» թատերախումբը կը պատրաստուի ներկայացնելու անգլիացի թատերագիր Ռէյ Քունիի «Երկու Կնիկ, Մէկ Էրիկ» ծիծաղաշարժ թատրերգութեան երկրորդ մասը:
Առաջին մասը, որ մեծ յաջողութեամբ ներկայացուած էր 2003ին, կը կեդրոնանար թաքսիի վարորդ Հայկազ Զաքարեանի վրայ: Ան մեծ ճարպիկութեամբ՝ երկու կին կը պահէր, մին՝ (Թամար) Կլենտէյլի մէջ, միւսը՝ (Արփիկ) Փասատինայի մէջ:
Կատակերգութեան երկրորդ մասին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ տասնութ տարի ետք, Արփիկը Շուշիկ անունով 16 տարեկան աղջիկ մը ունի, իսկ Թամարը, որ այժմ Արքետիա կը բնակի, Սեւակ անունով 17 տարեկան մանչ մը ունի:
Պատահականօրէն, Սեւակ եւ Շուշիկ իրարու կը հանդիպին համացանցի վրայ եւ շուտով կը սիրահարին: Երբ կ՛անդրադառնան, որ իրենց հայրերը ունին նոյն անունը, նոյն տարիքը եւ նոյն ասպարէզը, կ՛որոշեն հանդիպիլ՝ գաւաթ մը սուրճի շուրջ:
Հայկազ, երբ կ՛իմանայ անոնց հանդիպման մասին, ամէն ջանք կը թափէ, որ արգելք հանդիսանայ այդ հանդիպումին։ Ան նոյնիսկ օգնութեան կը կանչէ իր բարեկամ Յակոբ Պարտիզպանեանը, որուն կ՛ընկերակցի նաեւ անոր ալեհեր, ապիկար հայրը: Այսպիսով կը սկսի շփոթութիւնը եւ իրականութիւնը ծածկելու զանազան ստախօսութիւնները…
Թատերախաղի բեմադրիչն է ՀԲԸ Միութեան «Սաթամեան» թատերախումբի գեղարուեստական ղեկավար Գրիգոր Սաթամեան. թատերախաղը պիտի սկսի Մարտ 17ին՝ Փասատինայի ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան կեդրոնին մէջ, եւ պիտի շարունակուի հետեւեալ օրերը. Մարտ 17, 18, 24, 25 եւ Ապրիլ 7, 8, 14, 15: Շաբաթ օրերը՝ երեկոյեան ժամը 8ին, իսկ Կիրակի օրերը՝ ժամը 6ին:
Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար, կարելի է հեռաձայնել ՀԲԸ Միութեան գրասենեակ՝ (626) 794-7942 թիւով:
(Հաղորդագրութիւնը՝ ՀԲԸՄէն)