ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ Իրաւաբանական միութեան Հայկական իրաւանց դէտ յանձնախումբը Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութեան եւ անոր Ջատագովներու մարմինին հասցէագրուած բաց նամակ մը հրապարակած է՝ իր մտահոգութիւնները արտայայտելով Հայաստանի արդարադատութեան համակարգի անկախութեան սպառնացող վտանգի մը նկատմամբ։
Նամակին մէջ կը նշուի, որ Հայաստանի մէջ իրաւաբաններու դէմ պատժամիջոցներ սահմանելու իրաւասութիւնը դատարաններուն յանձնելու նոր օրէնքի առաջարկը կրնայ նեղ կացութեան մատնել յատկապէս պաշտպան փաստաբանները, ոչ միայն նիւթական տուգանքներ սահմանելով, այլ նոյնիսկ դատավարութեան մը կիսուն նման պատժամիջոցներ պարտադրելով, ինչ որ վնաս կը հասցնէ նաեւ ամբաստանելաներուն։
Նամակին մէջ կը շեշտուի, որ օրէնքներու խախտումի պարագային, իրաւաբաններ պատժելու իրաւունքը պէտք է վերապահուի ոչ թէ դատաւորին, այլեւ աւելի անկախ՝ Ջատագովներու մարմինին, որ նման որոշումներ պէտք է կայացնէ միայն տուեալ դատավարութեան աւարտէն ետք, որպէսզի աւելի լաւ կերպով պաշտպանուին ամբաստանեալին եւ պաշտպան փաստաբանին իրաւունքները։