ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցին այս տարի 6 եւ 8 Փետրուարին նշեց հայոց պատմութեան ամէնէն նուիրական ու յիշատակելի տօներէն՝ Ս. Ղեւոնդեանց քահանայից եւ Ս. Վարդանանց զօրավարաց տօները։
Երեքշաբթի, 6 Փետրուարին, նախագահութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ Արեւմտեան թեմի հոգեւորական հայրերուն, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի յարկին տակ, հոգեւոր տեսուչին, հոգեւոր հովիւին եւ հոգաբարձութեան հիւրընկալութեամբ տեղի ունեցաւ Ս. Ղեւոնդեանց քահանայից տարեկան համագումարը, որուն մասնակից էր նաեւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան երիցագոյն անդամներէն Եփրեմ արք. Թապագեան։
Առաւօտուն, հոգեւորականաց դասը եկեղեցւոյ մէջ կատարեց Ս. Ղեւոնդեանց տօնին նուիրուած ժամերգութիւն, որուն աւարտին առաջնորդը փոխանցեց օրուան հոգեւոր խորհրդածութիւնը։ Ան ողջունեց հոգեւոր դասու անդամները եւ նշեց, որ վերանորոգումը անհրաժեշտ է մեր կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ պատասխանատուութեանց ու պարտականութեանց գիտակից ըլլալը։
Սրբազանը նաեւ յորդորեց, որ Արամ Ա. վեհափառի կոչին ընդառաջ, եւ վերակազմակերպուելու ու վերանորոգուելու հրամայականով՝ «հարկ է գիտակից առաքելութիւն մը ունենալ ու արժեւորել մեր ծառայութիւնը»։
«Ղեւոնդեանք ու Վարդանանք յաւերժացուցին մեր ազգի ինքնութիւնը, ու մենք եւս պէտք է հետեւինք իրենց օրինակին ու մնանք վերակազմակերպման ու վերանորոգման ընթացքի մէջ», շեշտեց սրբազան հայրը՝ շնորհաւորելով հոգեւորականները քահանայից տօնին առթիւ։ Ժամերգութենէն ետք տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ, որ պատրաստուած էր տաճարի տիկնանց միութեան կողմէ։
Այնուհետեւ, համագումարը անցաւ ժողովական աշխատանքներուն: Յանուն հոգաբարձութեան, հոգեւոր հովիւ Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան արտասանեց ողջոյնի խօսք, բարի գալուստ մաղթեց առաջնորդին ու հոգեւոր եղբայրներուն՝ մաղթելով արդիւնաբեր համագումար մը։
Սրբազանը, համագումարի բացման իր պաշտօնական խօսքին մէջ հրաւիրեց հոգեւորականները ըլլալու պատասխանատու ու կազմակերպուած իրենց առաքելութեան մէջ, եւ ուխտի վերանորոգութեան խոստումով վերանորոգելու եւ վերակազմակերպելու թեմն ու ծխական համայնքները։ Սրբազանը շնորհաւորեց այն հոգեւորականները, որոնք տարեդարձներ ու ամեակներ ունէին, մասնաւորաբար՝ Եփրեմ արք. Թապագեանը, որուն կուսակրօն ձեռնադրութեան 55ամեակն է այս տարի, ինչպէս նաեւ քահանայ հայրեր Խորէն քհնյ. Պապօշեանը, Վազգէն Ա. քհնյ. Աթմաճեանը, Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեանը եւ Վահան Ա. քհնյ. Կոստանեանը, որոնց քահանայութեան 25ամեակն է։ Կատարուեցաւ նաեւ կարկանդակի հատում։
Ժողովը ընտրեց իր դիւանը. ատենապետ ընտրուեցաւ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանը, իսկ ատենադպիրներ՝ Գարեգին քհնյ. Պետուրեանն ու Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեանը: Հայր Միւռոն արտասանեց բացման խօսքը եւ ողջունեց ներկաները, ապա ժողովը անցաւ օրակարգի գործադրութեան:
Տեղի ունեցաւ Կրօնական ժողովի նիստ։ Ընթացիկ աշխատանքներու ծիրին մէջ հոգեւոր հովիւներ զեկուցեցին իրենց աշխատանքներուն եւ ծխական շրջաններուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին։ Ապա, ներկայացուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100ամեակին առիթով վեհափառի կոնդակը, որուն շուրջ հաւաքական խորհրդածութիւն տեղի ունեցաւ եւ համապատասխան ծրագիրներ մշակուեցան։ Ժողովը ապա անցաւ ծխական շրջաններու ծրագիրներու ծանօթացման։ Արձանագրուեցաւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակին առթով, իւրաքանչիւր ծուխ պէտք է կազմակերպէ ձեռնարկներ, նաեւ ունենայ միացեալ հաւաք մը՝ քոյր համայնքներու հոգեւորականներու մասնակցութեամբ։ Նոյն ծիրին մէջ, անհրաժեշտ նկատուեցաւ շրջաններու մէջ ազգային վարժարաններուն հետ գործակցաբար կազմակերպել ձեռնարկներ, կատարել «Մաղթանք Հանրապետական», արձանագրել պատգամներ եւ զանոնք հասանելի դարձնել հաւատացեալներուն։
Համագումարի Բ. նիստին, Թորգոմ Ծ. վրդ. Տօնոյեան ներկայացուց դասախօսութիւն մը՝ նիւթ ունենալով «Հայ հոգեւորականը՝ այսօր», ուր ներկայացուեցաւ հայ հոգեւորականը իր դերով ու առաքելութեամբ, մեր եկեղեցւոյ ու ազգի ծառայութեան ճամբուն վրայ։
Դասախօսութեան աւարտին, խորհրդակցութիւն տեղի ունեցաւ կարգ մը մտածումներու շուրջ. գնահատանք արձանագրուեցաւ հայր սուրբին՝ իր սպառիչ ու հոգեշահ դասախօսութեան համար։
Համագումարի վերջին բաժինը յատկացուած էր անմիջական հարցերու քննարկման, որոնց մասին սրբազանը տուաւ լուսաբանութիւններ ու կատարեց թելադրութիւններ։ Եզրափակիչ խօսքով, առաջնորդը գնահատեց համագումարի աշխատանքները, կատարեց յիշեցումներ ու ծրագիրներու մասին թելադրանքներ՝ հրաւիրելով հոգեւորականները աւելի գործօն մասնակցութիւն ունենալու իրենց առաքելութեան մէջ։
Ժողովը փակուեցաւ «Աշակերտք Քրիստոսի» շարականով եւ «Պահպանի»չով։
Երեկոյեան մատուցուեցաւ Ս. պատարագ՝ նուիրուած Ս. Ղեւոնդեանց տօնին: Պատարագիչն էր Թորգոմ Ծ. վրդ. Տօնոյեան։ Հոգեւոր հայրերը կատարեցին Ս. սեղանի սպասարկութիւնը եւ մասնակցեցան երգեցողութեան:
Քարոզէն առաջ, առաջնորդը եւ հոգեւորականաց դասը Ս. Ղեւոնդեանց շարականը երգեցին։ Պատարագիչ հայր սուրբը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ հաւատացեալ անհատի առաքելութեան, թէ ան աղ եւ լոյս պէտք է ըլլայ իր կեանքին ընթացքին՝ հետեւելով Աւետարանի ճշմարտութեան։ Վեր առնելով օրուան տօնի խորհուրդը՝ ան շեշտեց Ղեւոնդեանց հոգեւորականաց փաղանգին դերը, ընդգծելով, որ անոնք մշտավառ լոյսն ու համը չկորսնցնող աղ դարձան հայ իրականութեան մէջ։ Ան հրաւիրեց հաւատացեալ ժողովուրդը աղօթելու հայ հոգեւորականին համար, որպէսզի իր առաքելութեան մէջ մնայ ամուր ու հաւատարիմ՝ շարունակելով այդ ուղին։ Վերջապէս, ան շնորհաւորեց հայ հոգեւորականները՝ մաղթելով ամենայն բարիք ու բեղուն ծառայութիւն։
Պատարագի աւարտին, հոգեւոր հայրերը երգեցին Վարդանանց եւ Ղեւոնդեանց յիշատակին նուիրուած շարականներ ու ազգային երգեր: Արարողութիւնը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով եւ «Մեր Հայրենիք» հիմներգով:
Պատարագէն ետք, հոգեւորականաց դասն ու ծխականները վայելեցին հոգաբարձութեան ու տիկնանց միութեան կազմակերպած պատշաճ հիւրասիրութիւնը։