ՍԱՆԹԱ ԱՆԱ.- Օրենճ Քաունթիի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Երեքշաբթի, Յունուար 30ի երեկոյեան, աւելի քան 250 հանդիսատեսներու ներկայութեամբ, Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ «Ղուկասեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մրցանակակիր բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեանի՝ «1915ի Կիները» վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութիւնը։
Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած սոյն ֆիլմի ցուցադրութեան նաեւ ներկայ էին մեծ թիւով պետական պաշտօնատարներ եւ ներկայացուցիչներ։
Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Օրենճ Քաունթիի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Տաթեւ Օհանեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ֆիլմի ցուցադրութեան ջանքերուն մէջ շրջանի ՀՕՄի «Սեւան» մասնաճիւղին եւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» կոմիտէին ցուցաբերած աջակցութեան համար: Ան նաեւ ծանօթացուց ներկայ պաշտօնատարները եւ անոնց ներկայացուցիչները։
Նաեւ, Օրենճ Քաունթիի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Սթիվըն Չոյի ներկայացուցիչ Պայնքա Ասիք երեսփոխանին յղած գնահատագիրները յանձնեց Մարոնեանին եւ Օրենճ Քա-ունթիի Հայ Դատի յանձնախումբին, որմէ ետք տեղի ունեցաւ ֆիլմի ցուցադրութիւնը։
Աւարտին, ներկաները առիթ ունեցան հարցումներ ուղղելու բեմադրիչին, որ տուաւ գոհացուցիչ պատասխաններ։
Այս առիթով, Օրենճ Քաունթիի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Տաթեւ Օհանեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ձեռնարկին մասնակցող տէր եւ տիկ. Վահէ եւ Արմինէ Մեղրունիներուն, որոնք Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղէն ներս Մեղրունի ընտանիքի անուան Հայագիտական ուսմանց նախագահական ծրագիրը հաստատած են։