

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ազգային Ալէք Փիլիպոս վարժարանի աշակերտուհի Անի Ղազարեան ընտրուած է Միացեալ Նահանգներու ճարտասանութեան JSA կազմակերպութեան Հարաւային Քալիֆորնիոյ մասնաճիւղի վարչութեան անդամ։
11րդ դասարանի աշակերտուհի Ղազարեան 9րդ դասարանէն իսկ անդամ է այս կազմակերպութեան, որ կը քաջալերէ հանրային ճարտասանութիւնը, բանավէճն ու գործօն մասնակցութիւնը քաղաքական կեանքի։