ՓՈՐԹԼԸՆՏ.- Կիրակի, 28 Յունուարին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան այցելութիւն մը տուաւ Օրիկըն նահանգի Փորթլենտ քաղաքի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ ծուխին, ուր եւ պատարագ մատուցանեց ու հաւատացեալ ժողովուրդին բաշխեց Աստուծոյ օրհնութիւնը: Ներկայ էին ծուխի հաւատացեալներ:
Նախքան քարոզը՝ սրբազանը փոքրիկները հրաւիրեց եկեղեցւոյ ատեան եւ իրենց հետ հոգեւոր զրոյց մը կատարեց:
Առաջնորդը իր քարոզի բնաբանը քաղած էր օրուան ճաշու Աւետարանէն՝ «Ես եմ կեանքի հացը»: Ան հաւատացեալները հրաւիրեց կեանքի հացը փնտռելէն աւելի՝ իսկական հոգեւոր հացը փնտռելու։
Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Հայաստանի բանակի զինուոր նահատակներուն համար, որոնք կը զոհուին ի խնդիր ազգին ու հայրենիքի հողի պաշտպանութեան:
Ապա բոլոր հաւատացեալները հաւաքուեցան եկեղեցւոյ ներքեւի սրահը, ուր սիրոյ սեղանի մը շուրջ հիւրասիրուեցան եւ ողջոյններ փոխանակեցին: