ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Փետրուար 7ին, Սերժ Թանգեան ներկայացուց 7NotesExperiment.com կայքը՝ թուային բաց հարթակ մը, ուր տեղ գտած են 60 երկիրներէ ստացուած եւ տարբեր ժանրերու պատկանող երաժշտական հարիւրաւոր գործեր:
Իրարմէ լիովին տարբեր այս գործերը մէկ ընդհանրութիւն ունին. անոնք բոլորն ալ կը սկսին միեւնոյն 7 նօթերով:
2017ի Հոկտեմբերին, «System of a Down» խումբի երաժիշտը, «Creative Armenia»ի հետ համատեղ, մարտահրաւէր ուղղեց աշխարհի երաժիշտներուն՝ ստեղծելու մեղեդիներ, որոնք կը սկսին Սերժի առաջարկած 7 նօթերով: Մարտահրաւէրը մեծ արձագանգ գտաւ:
Իբրեւ «մշակութային փորձ», թուային այս նոր հարթակը կը հանդիսանայ Սերժ Թանգեանի մարտահրաւէրի վերջին փուլը: Հազարաւոր դիմումներէն միայն 500ը տեղ գտած են 7NotesExperiment.com-ին վրայ, եւ անոնցմէ առանձնացուած են լաւագոյն 100ը: Այս 100էն մէկը պիտի շահի 5000 տոլար մրցանակը, որ պիտի յանձնուի աւելի ուշ:
Դատակազմի անդամներն են՝ «System of a Down» խումբի պաս-կիթառարահար Շաւօ Օտաճեան, «Capital Cities» խումբի աստղ Սեպուհ Սիմոնեան, ճազի հանճար եւ յօրինող Տիգրան Համասեան, Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ Վահագն Հայրապետեան, UCLA համալսարանի «Herb Alpert» երաժշտանոցի դասախօս ու հիմնադիր վարիչ Ճուտիթ Սմիթ եւ յայտնի աստղ ու սոյն մարտահրաւէրի հեղինակը՝ Սերժ Թանգեան:
Թանգեանն ու «Creative Armenia»ն կը շնորհաւորեն ընտրուած բոլոր մասնակիցները: