ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Ուրբաթ, 2 Փետրուարին, Ազգային առաջնորդարան այցելեցին Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի 8րդ դասարանի աշակերտները եւ հիւրընկալուեցան Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ. անոնք հրամցուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը եւ լսեցին սրբազանին պատգամը։ Այցելութիւնը նորագոյն օղակն էր ազգային վարժարաններու աշակերտներու կողմէ դէպի առաջնորդարան աշակերտական ուխտագնացութիւններու շարքին։
42 աշակերտները, առաջնորդութեամբ վարժարանի տնօրէնուհի Սօսի Շանլեանի եւ ընկերակցութեամբ դաստիարակներու, առաջին հերթին համախմբուեցան «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ։ Առաջնորդը, իր կողքին ունենալով առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ Ծ. վրդ. Տօնոյեանը, Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեանն ու Մովսէս քհնյ. Շաննագեանը, աշակերտներուն հետ ունեցաւ աղօթքի պահ մը. նկատի ունենալով, որ այցելութիւնը տեղի կ՛ունենար Ս. Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց տօներու նախօրեակին, հոգեւոր հայրերը երգեցին Վարդանանց հերոսներու յիշատակին նուիրուած «Նորահրաշ» շարականը, ապա, առաջնորդ սրբազանը հակիրճ լուսաբանութիւններ տուաւ մատրան ու անոր պատերը զարդարող՝ Ս. Վարդանանց, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի ու Տրդատ թագաւորի, Ս. Սահակ կաթողիկոսի ու Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի սրբանկարներուն մասին։
«Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ աշակերտները հանդէս եկան երգերով, արտասանութիւններով, դաշնամուրի վրայ նուագներով ու պարային պատկերով մը։ Արտասանութիւններն ու երգերը նուիրուած էին Վարդանանց հերոսամարտին ու Արցախին, նկատի ունենալով, որ Փետրուարը սերտօրէն կապուած է Աւարայրի ու Արցախեան հերոսամարտերուն։ Պարն ու երաժշտական կտորներն ալ հայկական էին ընդհանրապէս։
Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ աշակերտներուն պատրաստած յայտագիրին ու դաստիարակներուն հոգածու վերաբերմունքին մասին, ապա, իր պատգամը ուղղելէ առաջ պատասխանեց աշակերտներու հարցումներուն, որոնք կ՛ընդգրկէին կաթողիկոսարանը, Ազգ. առաջնորդարանը, Սիսի կաթողիկոսարանի դատն ու կրօնական հարցեր։
Լուսաբանական պատասխաններէն ետք, առաջնորդը գնահատեց աշակերտներուն հարցասիրութիւնը եւ նշեց, որ այս այցելութիւնը ազգի, հաւատքի ու մշակոյթի հաւատարմութեան ուխտի նորոգման առիթ է՝ ընդգծելով, որ առաջնորդարանին ու շրջաններուն, նաեւ վարժարաններուն միջեւ նման հաղորդակցութիւններ կ՛ամրապնդեն կապերը եւ կ՛ունենան իրենց արդիւնքը, որոնց մէջ բանալի դեր ունին տնօրէնն ու դաստիարակները։ Ան ըսաւ. «Մենք ակնկալութիւններ ունինք աշակերտներէն, որոնք հասակ առնելով ու հայկական վարժարանի միջավայրէն անդին անցնելով՝ պիտի կրեն բամաթիւ ազդեցութիւններ. անոնք պէտք է հոգեկան ամրութիւնը ունենան չենթարկուելու բացասական ազդեցութեանց, սակայն նաեւ այս երկրին ընձեռած բարիքներէն օգտուին ու օգտակար հանդիսանան նաեւ մեր հաւաքականութեան։ Մեր վարժարանները այդ նպատակին ծառայող՝ թրծումի օճախներ են»։ Ապա աշակերտները յորդորեց այժմէն իսկ ըմբռնել հայ եկեղեցւոյ ու հայ դպրոցի կենսատու արժէքը եւ պահպանել անոնց հաւատարմութեան ուխտը։
Աշակերտները յուշանուէր մը բերած էին սրբազանին, որ իր կարգին, աշակերտներուն նուիրեց առաջնորդարանին հրատարակած Ս. պատարագի արարողութեան գրքոյկէն օրինակներ։
Հանդիպումը վերջ գտաւ առաջնորդին «Պահպանի»չով, «Կիլիկիա»ի եւ «Մեր Հայրենիք»ի խմբերգումով։ Ապա աշակերտները խումբ առ խումբ ծանօթացան առաջնորդարանի բաժանմունքներուն, իսկ մեկնելէ առաջ՝ լուսանկարուեցան Նահատակաց յուշակոթողին առջեւ։