ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրին կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, Փետուար 23ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, համալսարանի Գործարարական բաժանմունքի «Ալիս Փիթըրզ» սրահին մէջ (թիւ 191), Լոնտոնի «Կոմիտաս» հիմնարկի վարիչ Արա Սարաֆեան պիտի խօսի 1915ին Վանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութեանց մասին։
Սարաֆեան պիտի կեդրոնանայ այդ իրադարձութիւններուն մասին 1917ին Երեւանի մէջ լոյս տեսած հատորի մը վրայ։ Նշեալ հատորին հեղինակը՝ Յովհաննէս Տէր Մարտիրոսեան, հարցազրոյցներ կատարած էր Վանի ջարդերուն ականատես եւ Վանի ինքնապաշտպանութեան մասնակցած ու ապա ռուսական զօրքերուն հետ Երեւան ապաստանած հայորդիներու հետ, հետաքրքրական մանրամասնութիւններ արձանագրելով թէ՛ ջարդերուն եւ թէ յատկապէս Վան քաղաքին եւ Շատախի մէջ տեղի ունեցած ինքնապաշտպանութեան մասին։
Նշենք, որ «Կոմիտաս» հիմնարկը վերջերս հրատարակած էր նշեալ հատորին անգլերէն թարգմանութիւնը՝ «Van 1915: The Great Events of Vasbouragan» խորագիրով։ Անիկա ձեռնարկին օրը տրամադրելի պիտի ըլլայ։
Նշեալ ներկայացումը մաս կը կազմէ համալսարանի Հայագիտական ծրագիրի գարնանային դասախօսութեանց շարքին եւ անոր համահովանաւորն է «Լիան Ս. Փիթըրզ» հիմնարկը:
Մուտքը ազատ է, իսկ ինքնաշարժները կարելի է ձրիաբար կանգնեցնել համալսարանի «P5» եւ «P6» կանգառներուն մէջ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (559) 278-2669 թիւին, կամ այցելել www.fresnostate.edu/armenianstudies կայքէջը: