ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի եւ Մեքսիքայի գլխաւոր հիւպատոսութեանց նախաձեռնութեամբ ու գործակցութեամբ, Փետրուար 2էն 9 ինկող շաբաթը հռչակուած էր Հայ-մեքսիքական մշակոյթի շաբաթ:
Այս առիթով, երկու ժողովուրդներու մշակոյթն ու աւանդութիւնները ծանօթացնող շարք մը ձեռնարկներ կազմակերպուած էին համայնքային կեդրոններու եւ վարժարաններու մէջ։
Մշակոյթի շաբթուան բացումը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Փետրուար 2ին, Վեն Նայսի քաղաքապետարանի սրահին մէջ: Յանուն Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի՝ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան ներկայ եղաւ արարողութեան: Այս առիթով, Լոս Անճելըսի քաղաքապետութեան անունով գնահատական հռչակագիր մը ներկայացուցին խորհուրդի անդամներ Փօլ Գրիգորեանն ու Մոնիքա Ռոտրիկեզը:
Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոսարանի անձնակազմի ներկայացուցիչներ եւ հայ համայնքի զաւակներ: