ԵՐԵՒԱՆ.- Ուրբաթ, 9 Փետրուարի դատական նիստին ընթացքին, մեղադրող դատախազը պահանջեց 11 տարուան ազատազրկման դատապարտել «Հիմնադիր խորհրդարան»ի առաջնորդ Ժիրայր Սեֆիլեանը:
Մեղադրական իր ճառին մէջ դատախազ Յակոբ Ենոքեան յայտարարեց, թէ Ժիրայր Սեֆիլեան եւ Գէորգ Սաֆարեան Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընթացքին զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելու մտադրութեամբ՝ շուրջ չորս տասնեակ մետաղեայ ձողեր հաւաքած են՝ իրաւապահներուն դիմադրութիւն ցոյց տալու համար:
«Տարաբնոյթ սադրիչ ելոյթներով, կոչերով մարդկանց տրամադրել, նախապատրաստել են 2015 թուականի Ապրիլի 24ին հասարակական անվտանգութիւնը վտանգող, գոյք ոչնչացնելով եւ վնասելով, ինչպէս նաեւ իշխանութեան ներկայացուցչին զինուած դիմադրութիւն ցոյց տալով արտայայտուած զանգուածային անկարգութիւնների», յայտարարեց դատախազը:
Շուշիի առանձնակի գումարտակի հրամանատար Սեֆիլեանի համար որպէս մեղմացուցիչ հանգամանք պետական մեղադրողը վկայակոչեց խնամքին անչափահաս որդի ունենալը եւ Ղարաբաղեան պատերազմին «ակտիւ մասնակցութիւնը»:
Պատիժի չափերու հրապարակումը դահլիճին մէջ աղմուկ յառաջացուց: Փաստաբան Տիգրան Հայրապետեան «դաժան հաշուեյարդար» որակեց պետական մեղադրողի պահանջած պատիժի աչափերը: