ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Նախագահ Սերժ Սարգսեան Փետրուար 9ին ընդունեց Հայաստան ժամանած Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի՝ Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով տեղակալի օգնական Պրիճիթ Պրինքը:
Նախագահ Սարգսեան ողջունեց հիւրը եւ կարեւոր նկատեց նման հանդիպումներ, որոնք կը նպաստեն երկկողմանի միջպետական կապերու ամրապնդման: Ան ընդգծեց, որ Հայաստան շահագրգռուած է Միացեալ Նահանգներու հետ գործակցութիւնը խորացնելու ջանքերով, որպէսզի կարելի ըլլայ բոլոր ոլորտներու մէջ երկկողմանի յարաբերութիւնները զարգացնել:
Նախագահ Սարգսեան նաեւ գոհունակութեամբ արտայայտուեցաւ զարգացող հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մասին՝ երախտագիտութիւն յայտնելով Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն՝ քաղաքական, տնտեսական եւ այլ ոլորտներու մէջ Հայաստանին ցուցաբերուող աջակցութեանց համար: