ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Սփիւռքի նախարարութենէն տեղեկացուցած էին, որ Ուրբաթ, 9 Յունուարի առաւօտուն, Երեւանէն Skype-ով պիտի կապուէին ամերիկեան ցամաքամասի հայկական մամուլի խմբագիրներուն հետ, խորհրդակցական տեսաժողով մը ունենալու՝ երեք օրակարգով, որոնցմէ երկուքին կարելի էր ներդրում ունենալ.
«1. Լրագրողների համահայկական 9րդ համաժողովի թեմատիկ ուղղութիւնների վերաբերեալ առաջարկութիւններ եւ համաժողովի կազմակերպման տարբեր հարցերի վերաբերեալ քննարկում: 2. Օտար լրատուամիջոցների հայ լրագրողների ներգրաւումը համաժողովի աշխատանքներին եւ նրանց ներգրաւումը համահայկական խնդիրների ներկայացման աշխատանքներին»:
«Ասպարէզ»ի հայերէն եւ անգլերէն բաժինի խմբագիրները, հաւանաբար կապի դժուարութեան պատճառով, չմասնակցեցան տեսաժողովին: Օրակարգին վերաբերեալ մեր ըսելիքները կ՛արձանագրենք այստեղ:
Լրագրողներու Համահայկական 9րդ համաժողովը կը կրէ «Հայոց պետականութիւնը եւ հայ լրագրութիւնը» խորագիրը: Կազմակերպողները վստահաբար լրագրողներուն վերապահած են հայրենասիրական պարտականութիւններ, որոնց դէմ չենք կրնար ըլլալ: Վստահ ենք, որ համագումարի ժամանակ, պիտի հնչեն մէկը միւսը գերազանցող՝ Հայոց Պետականութեան ծառայելու յանձնառութիւններ: Կ՛առաջարկենք քննարկել նաեւ պետականութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները՝ Սփիւռքի լիարժէք մասնակցութեան ճանապարհներու որոնումէն սկսեալ մինչեւ ներքին ցաւոտ խնդիրներու (սփիւռքեան եւ հայաստանեան) յստակացումն ու անոնց լուսաբանման համար համագործակցութիւնը:
Երկրորդ. կ՛առաջարկենք լրագրողներու հետ կառավարութեան (սփիւռքի նախարարութեան) յարաբերութիւնները այլ հարթութեան վրայ դնել՝ փոխելով հովանաւորի ոճով գործելակերպը եւ զայն վերածելով պարզ աջակցողի: Լրագրողները թող իրենք զիրենք կազմակերպեն՝ Համահայկական լրագրողներու միութեան կառոյցի մը մէջ, որ նաեւ կրնայ ընդգրկել օտար լրատուամիջոցներու մէջ աշխատող հայազգի մասնագէտներ, անուղղակիօրէն՝ զանոնք ներգրաւելով հայկական իրականութեան մէջ:
Excellent ideas and suggestions….