ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ուրբաթ, Փետրուար 9ին կայացած Եւրոմիութիւն-Ատրպէյճան համագործակցութեան խորհուրդի 15րդ նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի յայտարարած է, թէ Արցախի հակամարտութիւնը «շա՜տ լուրջ մարտահրաւէր է» շրջանին համար։
Ան աւելցուցած է, թէ բարձրաստիճան մակարդակի բանակցութիւններուն վերականգնումը յատկանշական յառաջխաղացք մըն է՝ շեշտելով. «Կ՛ուզենք, որ կողմերը կատարեն շփման գիծին վրայ լարուածութիւնը մեղմացնելու եւ բանակցութիւնները արագացնելու շուրջ իրենց ստանձնած պարտաւորութիւնները: Հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի քաղաքական ճամբով, միջազգային օրէնքի համապատասխան: Եւրոմիութիւնը կ՛աջակցի ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի միջնորդական ջանքերուն ու առաջարկներուն»: