Կ՛առաջարկեմ, որ ՀՀ պատկան մարմինը Նոր Մրցոյթ յայտարարէ եւ նոր Մրցութային յանձնաժողով նշանակէ՝ Արամ Մանուկեանի արձանը քանդակելու կապակցութեամբ:
Ո՞վ է այդ Դաւիթ Մինասեանը՝ արձանագործը, որ խնդացեր է Ա. Մանուկեանի վրայ՝ այս ամօթալի՛ արձանով: Կոմունիստական շրջա՞ն վերադարձեր ենք, երբ ՀՅԴն ծիծաղի նիւթ էր եւ Ցեղասպանութեան պատճառ նկատուած:
Ամօ՜թ Դաւիթ Մինասեանին ե՛ւ Մրցութային յանձնաժողովին: Ես հիասթափուած եմ:
Յ.Գ.- Եթէ նիւթականը հարց է՝ ես այդ գումարը Սփիւռքէն կը հաւաքեմ, արժանաւոր արձան մը տեսնելու նպատակով:
ՄԵԼԻՆԷ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ
Հոգեբանական գիտութիւններու դոկտոր
ԱՄՆ