ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի նախագահ Էնթընի Ռենտոն վերջերս Քալիֆորնիոյ բանտային հարցերու մարմինի անդամ վերանշանակած է դոկտ. Արմոնտ Աղախանեանը, որ առաջին անգամ անցեալ տարի նշանակուած էր այդ պաշտօնին։
Ռենտոն դրուատած է վերջին մէկ տարուան ընթացքին Աղախանեանի ցուցաբերած աշխոյժ գործունէութիւնը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով անոր, որ ընդունած է տարի մը եւս 11 անդամ ունեցող այդ մարմինին անդամ մնալու իր առաջարկը։