ՊԷՅՐՈՒԹ.- 6 Փետրուարի յետմիջօրէի ժամը 3ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ ազգային թաղումը ազգային-կուսակցական գործիչ, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Յակոբ Եափուճեանին:
Թաղման արարողութեան նախագահեց Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ այս առիթով արտասանած դամբանականին մէջ անդրադարձաւ Յակոբ Եափուճեանի կենսագրականին՝ լուսարձակի տակ առնելով հայկական եւ յատկապէս լիբանանահայ կեանքին մէջ անոր ունեցած նուիրեալ ներդրումն ու իւրայատուկ դերակատարութիւնը: Ան նաեւ մէջբերեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին վկայութիւնը, որուն մէջ վեհափառ հայրապետը կ՛ըսէր, որ վերջին 40 տարիներուն լիբանանահայութեան կեանքին մէջ Յակոբ Եափուճեան եղաւ մնայուն ու տիրական ներկայութիւն: «Իր բազմակողմանի յատկութիւններով ան իր կարեւոր ներդրումը բերաւ մեր կեանքի կրթական, մշակութային, հասարակական ու տնտեսական բնագաւառներուն մէջ՝ ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ: Յակոբ Եափուճեանի համար ազգային ծառայութիւնը եղաւ բնական պահանջ, ամէնօրեայ ապրում եւ տագնապ: Ան ծառայեց բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով ու բծախնդրութեամբ»: Ըստ Արամ Ա. կաթողիկոսի վկայութեան՝ Յ. Եափուճեան իր ստանձնած պարտականութիւնները կատարեց աշխատասիրութեամբ, հետեւողականութեամբ ու բծախնդրութեամբ, ըլլալով խստապահանջ՝ նախ իր անձին, ապա իր անմիջական շրջապատին նկատմամբ: «Յաճախ եղաւ խիստ իր կարծիքներուն ու անզիջող իր համոզումներուն մէջ: Լաւագոյնին ձգտելու իր ճիգին մէջ ընթացիկ մօտեցումներէն դուրս գալով՝ հանգուցեալը յաճախ ունեցաւ իր իւրայատուկ տեսակէտը», դիտել կու տար վեհափառ հայրապետը:
Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքին մէջ կ՛անդրադառնար այն երեւոյթին, որ Յակոբ Եափուճեան ազգին հարցերով տագնապեցաւ, մտահոգուեցաւ եւ ընդվզում արտայայտեց յաճախ:
«Ահաւասիկ մեր ազգի ծառէն կանաչազարդ ճիւղ մը եւս կը կոտրի… Մեր սպասումն է, որ իր երկու զաւակները իրենց հօր օրինակին հետեւելով մասնակից դառնան մեր կեանքին՝ ծառայութեան ճամբով բերելով իրենց կարեւոր նպաստը մեր ազգի ծառին առողջ ու կենսատու պահպանման», կը հաստատէր Արամ Ա. կաթողիկոսը:
Նկատի ունենալով, որ Յակոբ Եափուճեան իր ամբողջ կեանքին ընթացքին խորունկ սէր ու երկիւղածութիւն ունեցաւ հայ դպրութեան ու մշակոյթին նկատմամբ, յետ մահու անոր շնորհուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը:
Ապա Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատան մէջ, յանուն Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ Համազգայինի մեծ ընտանիքին, դամբանական արտասանեց Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան, որ անդրադարձաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան մէջ Յակոբ Եափուճեանի ունեցած բեղուն ու կարեւոր գործունէութեան, իսկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին խօսքը արտասանեց Յակոբ Հաւաթեան, որ լուսարձակի տակ առաւ անոր ազգային, կուսակցական աշխատանքները, որոնց ընդմէջէն ան լիիրաւ ծառայութիւն մատուցեց լիբանանահայութեան: